2017-03-30 09:49:00

ԵԱՀԿ ՄԽ-ի Համանախագահները տարածաշրջան այցին իբրեւ արդիւնք յայտարարութիւն տարածած են


ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները յայտարարութիւն տարածած են Ատրպէյճան, Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ կատարած այցելութիւններուն իբրեւ արդիւնք:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է.
«ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Պոպովը (Ռուսիա), Ստեֆան Վիսգոնդին (Ֆրանսա), Ռիչըրտ Հոգլանտը (Միացեալ Նահանգներ) ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասբրշիկի հետ համատեղ այցելած են Պաքու (Մարտ 11-ին), Երեւան (Մարտ 27-ին) եւ Լեռնային Ղարաբաղ (Մարտ 28-ին):
Համանախագահներու` տարածաշրջան այցելութեան հիմնական նպատակը սահմանագծին եւ Հայաստան-ատրպէյճան սահմանին իրադրութեան մասին մանրամասն քաղաքական ու ռազմական տեղեկութիւն ստանալն էր, 2016 թուականին Վիեննայի եւ Ս. Փեթերզպուրկի գագաթնաժողովներու ժամանակ կայացած համաձայնութիւններու կիրառումը քննարկելը, ինչպէս նաեւ կարգաւորման ուղղուած յաջորդ քայլերուն արծարծումը:
Համանախագահները հանդիպած են Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու եւ արտաքին գործոց նախարարներո, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տէ ֆաքթօ իշխանութիւններու հետ: Անոնք նաեւ այցելած են Լեռնային Ղարաբաղի շուրջը գտնուող տարածքներ: Հանդիպումներուն ընթացքին համանախագահները վերահաստատած են իրենց խոր մտահոգութիւնները` կապուած սահմանագծին վրայ տեղի ունեցած վերջին միջադէպերուն հետ` կոչ ընելով կողմերուն զսպուածութիւն ցուցաբերելու իրենց հռետորաբանութեան եւ գործողութիւններուն մէջ: Նախագահները ներկայացուցած են իրենց դիրքորոշումները համանախագահներու առաջարկներուն առնչութեամբ` կապուած հրադադարի ամրապնդման եւ թշնամական գործողութիւններու յետագայ շարժումներէն խուսափելու հետ, մասնաւորապէս Նովրուզի եւ Զատիկի տօներուն ընթացքին: Անոնք յայտնած են իրենց յանձնառութիւնը` շարունակելու բանակցութիւնները քաղաքական լուծում գտնելու հարցով:
Քննարկումներուն ընթացքին համանախագահները արտայայտած են դեսպան Գասբրշիկի առաքելութեան ու անոր ընդլայնման շարունակական աջակցութիւն ցուցաբերելու էական կարեւորութիւնը: Համանախագահները նաեւ շեշտած են իրենց համոզումը, որ հրադադարի յարգումը ունի ծայրայեղ կարեւորութիւն բանակցութիւններուն ընթացքին վստահութեան մթնոլորտի կառուցման գործին մէջ:
Համանախագահները շուտով պիտի մեկնին Վիեննա` Մինսկի խումբի անդամներուն բանակցութիւններու արդիւնքները ներկայացնելու նպատակով»:







All the contents on this site are copyrighted ©.