
Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ ստորագրած է այն նամակը, որով Եւրոպական Միութեան
իշխանութիւններուն կը ծանուցուի Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու ընթացակարգի պաշտօնական
գործարկման մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Ծանուցագիրը Բրիտանիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Թիմ Պարոուի կողմէ Եւրոպական խորհուրդի
նախագահ Տոնալտ Թուսքին յանձնուեցաւ:
Բրիտանիոյ իշխանութիւնները կ՛երաշխաւորեն երկրին մէջ ապրող Եւրոպական Միութեան քաղաքացիներու
իրաւունքները:
Աւելի ուշ, Մէյ խորհրդարանին մէջ խօսք մը արտասանելով Պրիւքսէլի ծանուցման մասին
իրազեկեց խորհրդարանին: