2017-03-29 11:32:00

Երիտասարդներու նուիրուած եւրոպական գիտաժողովի առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող պատգամ մը յղած է ''առաջնորդել երիտասարդները` ազատօրէն պատասխանելու Քրիստոսի կոչին'' բնաբանով, Եւրոպայի Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի կողմէ կազմակերպուած ու Պարսելոնայի մէջ 28 – 31 Մարտին կայացած երիտասարդներուն նուիրուած եւրոպական գիտաժողովին առթիւ։

Պարսելոնայի Արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Խուան Խօսէ Օմելլային ուղղուած պատգամին մէջ Կարդինալ Փարոլին կը գրէ. Նորին Սրբութիւնը Ֆրանչիսկոս` կ՛ողջունէ գիտաժողովին բոլոր մասնակիցները ու կը քաջալերէ զանոնք խորհրդածելու երիտասարդներու աւետարանումին ու առաջնորդութեան դիմաց կայացած մարտահրաւէրներու մասին, որպէսզի երկխօսութեան ու հանդիպումի միջոցաւ երիտասարդները` որպէս Քրիստոսի ընտանիքի ողջ անդամներ, դառնան Աւետարանի ուրախութեան պատգամաւորներ բոլոր միջավայրերուն մէջ։

Կարդինալ Փարոլին հայցելով ապա Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը, պատգամին աւարտին բոլորին փոխանցած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին շնորհած առաքելական օրհնութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.