ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Չինաստանի սննդամթերքի անվտանգութեան ոլորտի լիազօր մարմինի պատուիրակութիւնը կը գտնուի Հայաստան, ուր կը քննարկէ մեղր ներածելու հնարաւորութիւնը:
Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան սննդամթերքի անվտանգութեան պետական ծառայութեան պետ Իշխան Կարապետեան ընդունած է Չինաստանի պատուիրակութիւնը՝ սննդամթերքի անվտանգութեան վերահսկողութեան վարչութեան պետի տեղակալ Խինֆա Տուի գլխաւորութեամբ:
Չինաստանի պատուիրակութեան այցը կը հետապնդէ հայկական մեղրի եւ մեղուաբուծական մթերքի արտադրութեան պայմաններուն ու որակին ծանօթանալու նպատակը՝ հեռանկար ունենալով կազմակերպել անոնց Չինաստան ներածումը:
All the contents on this site are copyrighted ©. |