2017-03-28 12:00:00

Հիւլէական զէնքերու արգելման եւ ամբողջական ոչնչացումին ի խնդիր Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը պատգամ մը յղած է ՄԱԿի Ժողովին, որ Նիւ Եորքի մէջ տարւոյս մարտ ամսոյն 27-31, պիտի քննարկէ իրաւական պարտաւորիչ միջոցներու ստեղծումը՝ հիւլէական զէնքերու արգելման եւ ամբողջական ոչնչացումին։

Պատգամին մէջ, որ կարդացած է Գերապայծառ Անթուան Քամիլլերի, պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու երկրորդ քարտուղարը, Սրբազան Պապը կը յիշեցնէ իր 2015 տարւոյն Սեպտեմբեր 25ի զեկոյցը, որ արտասանած էր ՄԱԿի լիագումար նիստին առիթով։

Ան նախ ուշադրութեան կը յանձնէ ներկայ ժամանակի աշխարհը յուզող խնդիրները եւ արհաւիրքները, եւ կը նկատէ թէ հիւլէական զէնքերու գործածութիւնը աւելի ողբերգական պիտի ըլլայ մարդկութեան համար քան յիշեալ խնդիրները։

'''Միջոցները, որոնք մեր ձեռքին մէջ են, կը գործածուին ռազմական նպատակներու համար, մինչ անոնք պէտք է ծառայէին աւելի առաջնահերթ նպատակներու, ինչպէս՝ խաղաղութեան յառաջացումի, մարդկային համապարփակ զարգացումի եւ աղքատութեան դէմ պայքարելու համար'' - ըսած է Սրբազան Պապը պատգամին մէջ յորդորելով հարց տանք՝ թէ ո´րքան կայուն է վախի վրայ հիմնուած հաւասարակշռութիւն մը։

''Չէ կարելի միջազգային կայունութիւնը հիմնել ապահովութեան սխալ հասկացողութեան, սպառնալիքի, փոխադարձ կործանումի եւ կամ ամբողջական ոչնչացումի վրայ, եւ կամ պարզապէս ուժերու հաւասարակշռութեան պահպանումի վրայ։ Խաղաղութիւնը պէտք է կառուցուի արդարութեան, մարդկային համապարփակ զարգացումի, մարդկային հիմնական իրաւունքներու յարգանքի, արարչագործութեան պահպանումի, բոլորի հրապարակային կեանքի մասնակցութեան, դաստիարակութեան եւ առողջապահութեան մատչելիութեան, երկխօսութեան եւ զօրակցութեան վրայ'' կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով թէ ''հիւլէական զէնքերու ամբողջական ոչնչացումի նպատակը կը վերածուի մարտահրաւէրի եւ բարոյական ու մարդկային հրամայականի''։

Սրբազան Քահանայապետը կը յարէ, թէ կերտել աշխարհ մը առանց հիւլէական զէնքերու՝ կը կարօտի երկար ժամանակի, երկխօսութեան իրապաշտ ուժեղացումի եւ աջս առնչութեամբ Ան կը շեշտէ, թէ հարկաւոր է փոխադարձ վստահութիւն կառուցել, եւ կարեւոր կը նկատէ բոլոր երկիրներու, կրօնական համայնքներու, քաղաքային ընկերութեան եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մասնակցութիւն` հիւլէական զէնքերու բարձումին ի խնդիր տարուած աշխատանքներուն։

Պատգամի աւարտին, Սրբազան Պապը մաղթանք կը յայտնէ, որ ՄԱԿի յիշեալ ժողովը կարենայ ներկայացնել նաեւ վճռական քայլ մը դէպի հիւլէական զէնքերէ զուրկ երկրագունդ մը աւելցնելով՝ “Եթէ նոյնիսկ այս երկար ժամանակի կարօտող եւ ծայրայեղօրէն բարդ նպատակ մըն է, սակայն մեր կարողութիւններէն վեր չէ։” 








All the contents on this site are copyrighted ©.