2017-03-28 09:14:00

Եւրոպան՝ «այդ խաչակիր դաշինքը իր դէմքը ցոյց տուաւ» ըսաւ Էրտողան


«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները անուանած է «Խաչակիր դաշինք» եւ յայտարարած, որ Թուրքիան Եւրոպական Միութեան մէջ չեն ընդունիր կրօնական խտրականութեան պատճառով:

Էրտողան մասնաւորաբար վրդոված է Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներուն Ֆրանչիսկոս պապին հետ ունեցած հանդիպումէն:

«Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները հանդիպած են Վատիկանի մէջ: Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ, այդ ինչո՞ւ ինքնին Վատիկանի մէջ: Պապը երբուընէ՞ Եւրոպական Միութեան անդամ է: Այդ խաչակիր դաշինքը ի վերջոյ իր դէմքը ցոյց տուաւ: Թուրքիոյ չեն արտօներ մուտք գործել Եւրոպական Միութիւն, որովհետեւ իսլամ ենք», յայտարարած է Էրտողան:

Ֆրանչիսկոս պապը 25 մարտին ընդունած էր Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներ, որոնք Հռոմ կ’այցելէին Հռոմի պատմական համաձայնագիրի 60-ամեակին առիթով:

Նոյն օրը հռոմէական Քափիթոլի մէջ սկսած էր Եւրոպական Միութեան անդամ 27 երկիրներու ղեկավարներու հանդիպումը` նուիրուած մարդոց, ապրանքներու, ծառայութիւններու եւ դրամագլուխի ազատ տեղաշարժի մասին Հռոմի համաձայնագիրին 60-ամեակին:

Էրտողան նաեւ քննադատեց եւրոպական շարք մը երկիրներ` յայտարարելով, որ Եւրոպայի մէջ թուրք նախարարներու ելոյթը արգիլողները «լաւագոյն ու գեղեցկագոյն» սրահները կը տրամադրեն ահաբեկչական քարոզչութեան իրականացման համար:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Էրտողան սպառնացած է, որ «ահաբեկիչներուն տրուած զէնքերը օր մը պիտի ուղղուին ինքնին Եւրոպայի դէմ»:

«Օրը պիտի գայ, եւ ահաբեկիչներուն տրուած զէնքը անոնց դէմ պիտի ուղղուի: Անոնք կը բարկանան, որովհետեւ մենք անոնց ուզած ուղիով չենք երթար: Մեր ուղին Ալլահի ճամբան է, մեր պատմութեան ու մեր նախնիներուն ճամբան է, մեր մշակոյթի ճամբան է», յայտարարած է Էրտողան:








All the contents on this site are copyrighted ©.