2017-03-28 09:45:00

«Ուրախացիր , շնորհքներով լեցուն, Տէրը քեզի հետ է» ( Ղկ. 1,28 )


Ասոնք էին առաջին խօսքերը զորս Գաբրիէլ Հրեշտակապետը ուղղեց այն աղջկան որ պատիւը պիտի ունենար Տիրոջ մայրը դառնալու:

Մենք այսօր հաւաքուած ենք այս Ս. Եկեղեցւոյն մէջ եւ մեր սիրելի Տիրամօր շուրջը մեր երախտագիտութիւնը եւ սէրը յայտնելու անոր, որովհետեւ ան  ընդունեցաւ այդ վսեմ առաքելութիւնը,  այսինքն մեր Փրկչին մայրը ըլլալու:

Այսօր Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ այլազգի համայնքները եւս կը նշեն Աւետման տօնը, տօն մը որ չի նմանիր միւս տօներուն, որովհետեւ մեր սիրելի Տիրամայրը՝  իր վայելած յարգանքով ու սիրով, անխտիր բոլորս կը համախմբէ իր անունին շուրջ:

Պօղոս 6-րդ Սրբազան Քահանայպետը կ'ըսէր․- «Եթէ ունենաք խղճամիտ մտահոգութիւնը քրիստոնէական խորհուրդին մէջ, փնտռեցէք Մարիամ Կոյսը, որովհետեւ Մարիամին պաշտամունքը վերջնակէտ մը չէ այլ ճշմարիտ ճանապարհը որ ձեզ կ'առաջնորդէ Քրիստոսին՝ որուն մէջ կը գտնենք Աստուծոյ փառքը եւ եկեղեցւոյ սէրը» :

Նազարէթի Մարիամը եղաւ  Եկեղեցւոյ առաջին նորընծան եւ առաքեալը: Արդարեւ, Անոր «Այո»ով կը սկսէր նոր եկեղեցւոյ կոչումները, որոնք կ՛ընդառաջէին Աստուծոյ կոչին՝ ըլլալու մասնակից եւ առաքեալ նոր աւետարանացումին:

Մարիամ ընդունեցաւ նոր կոչումը, հետեւեցաւ իր որդւոյն նոր առաքելութեան ճանապարհին եւ եղաւ արժանաւոր կերպով «Մայրը Առաքելոց եւ Եկեղեցւոյ» :

Մարիամ՝ մեր սիրելի մայրը միշտ եւ իր կեանքի բոլոր պայմաններուն մէջ կապուած մնաց Աստուծոյ կամքին: Մարիամ իր որդին՝  Յիսուսը զոհաբերեց մեզի եւ այս զոհաբերութիւնը մեզի պարգեւեց  յաւիտենական կեանք :

Շատ քաղցր է Մարիամի պաշտպանութեան տակ գտնուելու զգացումը: Ո՞վ կը համարձակի մեզ հեռացնել անոր սէրէն: Ոչ մէկ բան կ՛ազդէ Մարիամին հանդէպ մեր յարգանքին, սիրոյն եւ հաւատքին վրայ: Այդ յարգանքը, սէրն ու հաւատքը անփխարինելի են։

Փոքրիկերու շրթներէն միշտ եւ անընդհատ կը հնչէ իրենց մօր անունը, մանաւանդ երբ անոնք զգան վտանգ մը կամ դժուարութեան մը դիմաց գտնուին կը պոռան «Մայր ,Մայր......»: Ուրեմն երբ մենք ալ զգանք որ մեր հոգիները յոգնած են եւ վտանգի մէջ՝ պարզապէս կը դիմենք մեր մօր՝ Մարիամին, աղօթելով եւ խնդրելով որ մեզ պահպանէ եւ մեր հոգիները զօրացնէ քանի կը վստահինք Մօր եւ կը հաւատանք անոր զօրութեան:

Մարիամ միայն մայր չէ արդարներուն եւ անմեղներուն, Ան մայր է նաեւ զղջացող մեղաւորներուն: Հետեւաբար, ով որ կ՛ուզէ ըլլալ զաւակ Մարիամի պէտք է հեռանայ մեղքերէն: Ինչպէ՞ս կը համարձակին իրենք զիրենք կոչել Մարիամի զաւակներ երբ կը շարունակեն քալել մեղքի ճամբէն եւ  երես կը դարձնեն Մարիամի սիրոյն : Սրբուհի Մարիամ մեզմէ կ՛ակնկալէ միայն որ մեղաւորները անկեղծութեամբ խնդրեն իր օգնութիւնը եւ հրաժարին իրենց մեղքերէն:

Պէտք է ապաւինինք Մարիամին, որովհետեւ այս կարեկցող մայրը իր ձեռքը կ'երկարէ մեզի եւ մեզ կ՝առնէ իր հովանաւորութեան տակ՝ մեզ ազատելու համար մեղքի կապանքներէն եւ փրկելու մեր հոգիները:

Երբեք չի վարանինք դիմելու անոր եւ գոչելու․- Ո՛վ իմ քաղցր Տիրուհիս եւ Մայրս, ես շատ կը սիրեմ քեզ: Դուն դարձիր պաշտպան փաստաբանը քու ծառաներուդ եւ Քրիստոսի դատաւորի ատեանին առջեւ պաշտպանէ անոնց դատը: 








All the contents on this site are copyrighted ©.