2017-03-27 10:42:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Արեւմտային Քանատայի եպիսկոպոսները։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 27 մարտ  2017-ին Արեւմտեան Քանատայի 25 եպիսկոպոսներ` Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ ժամանեցին Հռոմ եւ առաւօտեան 10.30-ին հանդիպում ունեցան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ։

Արեւմտեան Քանատայի եպիսկոպոսները` Քանատայի համահաւաք դասի եպիսկոպոսներու երկրորդ խումբն է որ կը հանդիպի Ֆրանչիսկոս Պապին։ Առաջինները եղան Ատնլանտեան Քանատայի եպիսկոպոսները որոնք անցեալ 16 Մարտին ժամանած էին Վատիկան։

Ինչպէս նշած էինք անցեալին` Քանատան Ռուսիայէն ետք ամէնէ տարածուն երկիրն է եւ ունի 9.897,170 քմ քառակուսի տարածք ու 35 միլիոնէ աւելի բազմացեղային բնոյթ ունեցող բնակչութիւն որուն մեծամասնութիւնը` 44 առ հարիւրը կաթողիկէ են, կան ապա Բողոքական, Անկլիքան, Լուտերական ու Հոգեգալստեան եկեղեցիներու պատկան հաւատացնելներ։ Օրթոտոքսները կը ներկայացնեն բնակչութեան 2 առ հարիւրը, ու նոյն քանակութեամբ է նաեւ իսլամ հաւատացեալներու թիւը։ Կան ապա Պուտտայականներ, Ինտուներ եւ հրեաներ։ 

Քանատայի մէջ Քրիստոնէութիւնը մուտք գործած է ԺԶ եւ ԺԷ դարերուն եւրոպացի միսիոնարներու քարոզութեամբ ու յատկապէս Յիսուսեան միաբանութեան առաքելական գործունէութեամբ։

Արեւելեան եկեղեցիները եւս իրենց սատարը բերին Քանատայի մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ծաւալումին ի տես այնտեղ հաստատուած Եւրոպայի Արեւելեան շրջաններէն արտագաղթած բազմաթիւ հաւատացեալներուն, յատկապէս Ուքրանիայէն ինչպէս նաեւ Միջին արեւելքի երկիրներէն։

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կառոյցը բաժնուած է  4 մասերու։ Ատլանտեան Մարզ, Արեւմտեան Մարզ, Օնթարիօյի Մարզը ապա Քեպէքի Մարզը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.