2017-03-27 11:11:00

Քարփիի տաճարի աշխատանքներու աւարտին առթիւ Սուրբ Պատարագ նախագահութեամբ կարդինալ Փարոլինի


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգ տարի առաջ ուժգին երկրաշարժ մը աւերած էր Իտալիոյ Քարփի քաղաքի մայր տաճարը։ Այժմ, նորոգութեան աշխատանքները աւարտելէ ետք, տաճարը կը վերաբացուի հաւատացեալներուն։ Վատիկանի պետական քարտուղար Կարդինալ Փարոլին ներկայ գտնուած է բացումին Սուրբ Պատարագի մատուցմամբ։ 

“Երկրաշարժը կրնայ քանդել եւ վիրաւորել, սակայն չի կրնար պարտութեան մատնել եւ բնաջնջել, կրնայ վնասել եւ երկիրը դղրդացնել, սակայն չի կրնար ցաք ու ցրիւի մատնել համայնք մը, որ կը ջանայ վերածնիլ” ըսած է Ծիրանաւորը Սուրբ Պատարագի իր քարոզին մէջ աւելցնելով.“Թէեւ երկրաշարժները՝ այլ արհաւիրքներու նման կրնան ցնցել ընկերութիւնը իրենց ողբերգութեամբ եւ աւերումով, չունին սակայն վերջին խօսքը։ Կեանքը կը վերածնի, եւ վէրքերը կը սպիանան՝ յարատեւելով փութաջանութեամբ եւ քաջութեամբ, ապա վերստին կը սկսինք միասին քալել, յուսալ, ծրագրել եւ կերտել։ Պէտք է ուշադիր ըլլալ եւ չիյնալ չարի եւ բացասականի վրայ կենդրոնանալու փորձութեան մէջ, եւ ողբերգութիւնները ցուցադրումի չվերածենք։ Քարաշէն տաճարի բացումը ա´յնքան աւելի նշանակալից պիտի ըլլայ, ո´րքան աւելի մեր սիրտն ու միտքը բանանք Քրիստոսի, Անոր՝ խաղաղութեան, փրկութեան, ուրախութեան եւ վաւերական ազատագրումի պատգամին։”

Տաճարի բացումին մասնակցած է նաեւ Կարդինալ Անճելօ Պանիասքօ, նախագահ Իտալիոյ եպիսկոպոսական ժողովին։ Ան իր խօսքին մէջ բնորոշած է պահը իբր “հանդիսական եւ յուզիչ”, որ “կը պսակադրէ հոգնութիւններու, յոյսի, տագնապներու եւ մեծ աշխատանքի երկար ժամանակը։” Ան ապահովցուցած է, որ “Իտալիոյ Եկեղեցին կ’ուզէ շարունակել ժողովուրդին ծառայելու առաքելութիւնը, որ Եկեղեցւոյ կեանքին իմաստն է. շնորհք մըն է, երբ իբր քահանաներ եւ հովիւներ կրնանք ծառայել մեր ժողովուրդին” ըսած է Կարդինալ Պանիասքօ։








All the contents on this site are copyrighted ©.