2017-03-27 11:29:00

ՀՀ մշակոյթի նախարարին ուղերձը թատրոնի միջազգային օրուան առիթով


Թատրոնի Միջազգային օրուան առիթով՝ ՀՀ մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանի յղած ուղերձը.

«Թատրոնի սիրելի′ մարդիկ` առանց որոնց անհամ ու անհրապոյր պիտի ըլլար աշխարհը, շնորհաւո′ր Թատրոնի միջազգային օրը:

Ուրախ եմ, որ այս շնորհաւորանքս կը յաջորդէ նորածին այն մեծ յոյսերուն, որոնք արթնցուցին մեր նախաձեռնած «Մշակութային կանգառ»-ի հիւրախաղերը: Լեփ-լեցուն մարզային դահլիճներ, ուր շատերը երբեմն ոտքի վրայ կամ աստիճաններուն նստած կը դիտեն ներկայացումները, յոտնկայս ծափահարութիւններ եւ հանդիսատեսի հոսք դէպի գուլիսներ` շնորհակալութիւն յայտնելու: Ասիկա կը նշանակէ, որ թատրոնը չի մեռնիր, եւ եթէ շատ կ՝ուզենք, կրնանք վերադարձնել դահլիճները լքած հանդիսատեսը:

Նաեւ կ՝ուզեմ ըսել` տուէք ինծի թատրոն, եւ ես կ’ունենամ գալիքին երազկոտ, ուրեմն նաեւ` ստեղծագործողի աչքերով նայող հասարակութիւն:

Շնորհաւո′ր, սիրելիներս, եւ շնորհակալութիւն, որ դուք կաք, որ դուք Ձեր ուսերուն կը պահէք Թատրոնը` մեր երեւակայութեան, մեր երազանքներու տունը»:

Սիրով`  ՀՀ մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.