2017-03-25 16:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատարագը Մոնզայի մէջ մէկ միլիոն հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։


(Ռատիօ Վատիկան) Միլան կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, շաբաթ, 25 մարտ 2017-ի յետմիջօրէի ժամը 3.00-ին, Մոնզա քաղաքի հանրային պարտէզին մէջ, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիսապետեց Աւետման Տօնին նուիրուած Սուրբ Պատարագի արարողութեան, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 1 միլիոնէ աւելի հաւատացեալներ։ 

Սուրբ Զոհին ընթացքին Սրբազան Քահանայապետին արտասանած քարոզին նիւթը հանդիսացաւ Ղուկասի Աւետարանէն քաղուած Աւետման հատուածը (Ղուկ 1.26-38)  զոր Սրբազան Հայրը բաղդատեց Յովհաննէս Մկրտիչի ծննդեան աւետման հետ։

Յովհաննէս Մկրտիչի ծննդեան աւետումը տեղի ունեցաւ, երբ Զաքարիա կը պատրաստուէր ծիսական արարողութիւնը կատարելու տաճարին մէջ, մինչ ամբոխը տաճարէն դուրս սպասումի մէջ կը գնուէր։ Իսկ՝ Յիսուսի ծննդեան աւետումը տեղի ունեցաւ անաղմուկ կերպով, Գալիլեայի՝ մարդոց կողմէ մոռցուած յետին արուարձաններուն մէջ գտնուող Մարիամ կոչուած երիտասարդուհիին տան մէջ։

Սրբազան Հայրը երկու յիշեալ  աւետումներու բաղդատութիւններուն միջոցաւ բացայայտեց, որ Աստուծոյ Իր ժողովուրդին հետ յայտնութեան նոր  վայրը կը գտնուի արուարձաններու մէջ։  Հոն է որ Աստուած կը ժամադրուի, հոն է որ Աստուած մարմին կ’առնէ՝ մեր հետ միասին քալելու համար ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտելով, որ Աստուած Ինքն է որ կը նախաձեռնէ եւ կ’ընտրէ մաս կազմել մեր կեանքին՝ ինչպէս եղաւ Տիրամօր պարագան։ Աստուած մուտք կը գործէ մեր բնակարաններուն մէջ, որոնք լի են առօրեայ մտահոգութիւններով, անձկութիւններով եւ իղձերով։

Աստուծոյ “ուրախացիր որովհետեւ Տէրը քու հետդ է” աւետումը կ’իրականանայ մեր քաղաքներուն, դպրոցներուն, համալսարաններուն, հրապարակներուն եւ հիւանդանոցներուն մէջ։ Ուրախութիւն մը, որմէ կը ծնի կեանքի եւ յոյսի ուրախութիւն, եւ կը վերածուի զօրակցութեան, հիւրընկալութեան, ողորմածութեան՝ բոլորին հանդէպ ցուցաբերուած արարքներով։

Սրբազան Հայրը ապա մատնանշեց, որ Տիրամօր նման մենք եւս կրնանք շփոթութեան մատնուիլ, երբ հարց կու տանք՝ թէ ի՞նչպէս Տիրոջ ուրախութեան աւետումը տեղի կ’ունենայ այն ժամանակամիջոցին, ուր ամէն ինչ բնորոշուած է շահագործումներով՝ կեանքի, աշխատանքի, ընտանիքի չարաշահումներով, կարծես թէ ամէն ինչ ըլլար լոկ թուանշան։

Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը հարց տուաւ, թէ նկատի առնելով աշխարհի ներկայ դժուարութիւնները, ի՞նչպէս կարելի է Աւետարանի ուրախութիւնը ապրիլ։ Ապա թուեց երեք “բանալիներ”, զոր հրեշտակը տուաւ Տիրամօր, երբ ան շփոթած վիճակի մէջ կը գտնուէր։ Այս “բանալիները” նաեւ մեզի կրնան օգնել՝ մեզի յանձնուած առաքելութեան մէջ – ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

 Առաջին՝ յիշատակի ոգեկոչում։

Հրեշտակը, առաջին արարքը որ կատարեց, յիշատակի ոգեկչումն էր։ Տիրամօր դիմաց բացաւ Փրկագործութեան ամբողջ պատմութիւնը։ Յիշեց Դաւիթի տրուած խոստումը՝ որ  Յակոբի  ուխտին արդիւնքն էր, որ է Տիրամօր Որդւոյն  ուխտը։

Ուստի Սրբազան Հայրը հրաւիրեց, որ մե´նք եւս մեր կարգին նայինք անցեալին, որպէսզի  յիշենք եւ չմոռնանք թէ ուրկէ եկած ենք. չմոռնանք մեր նախնիքը եւ այն ինչ որ ապրեցան անոնք՝ հասնելու համար հոս՝ ուր որ մենք կը գտնուինք։ Այս երկիրը եւ իր ժողովուրդը, յարեց Սրբազան Հայրը, ճանչցան երկու համաշխարհային պատերազմներու տառապանքը։ Անոնց յիշատակումը կ’օգնէ մեզի՝ որ բանտարկուած չմնանք այն խօսքերուն մէջ, որոնք կը հաստատեն, թէ բաժանումներն ու կոտորածները միջոց են հակամարտութիւններուն լուծում գտնելու համար։ Յիշատակումը մեր տրամադրութեան տակ գտնուող միակ եւ լաւագոյն հակաթոյնն է՝ հրաշագործ լուծումներ գտնելու բաժանումներու դիմաց, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ ապա անցաւ Հրեշտակի տուած երկրորդ “բանալիին”, որ է Աստուծոյ ժողովուրդին պատկանելու գիտակցութիւնը։

Հրեշտակի կողմէ կատարուած մատնանշումը թոյլ տուաւ Տիրամօր, որ յիշէ թէ կը պատկանի Աստուծոյ ժողովուրդին։ Աստուծոյ ժողովուրդին մաս կազմելու յիշատակումը մեզ կը հանգստացնէ, ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Միլանցի ես՝ այո´, Ամրպոզիանցի ես՝ այո´, սակայն Աստուծոյ մեծ ժողովուրդին մէկ մասն ես։ Ժողովուրդ մը, որ կազմուած է հազար դիմագիծերէ, պատմութիւններէ, բազմամշկակոյթ եւ անթիւ ցեղերէ ու ժողովուրդներէ։ Այս մեր հարստութիւնն է։ Այս ժողովուրդը կոչուած է հիւրընկալելու զանազանութիւնները, եւ զանոնք ներգրաւելու յարգանքով եւ ստեղծագործ ոգիով, ինչպէս նաեւ տօնակատարելու այն նորութիւնը, որ մեզի կը մատուցանեն ուրիշներէն։

 “Վասնզի Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ” (Ղուկաս 1,37)։ Այսպէս կը վերջանայ հրեշտակին Տիրամօր տուած պատասխանը։ Երբ կը հաւատանք որ ամէն ինչ բացարձակապէս կախեալ է մեզմէ՝ կը դառնանք բանտարկեալ մեր կարողութիւններուն, մեր ուժերուն եւ մեր մշուշոտ հորիզոններուն։ Իսկ երբ տրամադիր ենք օգնութիւն ստանալու, երբ կը բացուինք շնորհքին դիմաց՝ անկարելին կը սկսի վերածուիլ իրականութեան։

Այս հողերը քաջատեղեակ են, որ իրենց պատմութեան ընթացքին ծնան անթիւ շնորհապարգեւներ, միսիոնարներ, որոնք անգնահատելի հարստութիւն են Եկեղեցւոյ կեանքին համար։ Անթիւ դէմքեր, շրջանցելով բաժանումները, բաց գտնուեցան Աստուծոյ ծրագրին դիմաց եւ եղան նշան՝ թէ ինչքա´ն բեղուն կրնայ դառնալ երկիր մը, որ չի փակուիր իր սեփական գաղափարապաշտութիւններուն, սահմաններուն եւ կարողութիւններուն մէջ։

 Ինչպէս երէկ՝ Աստուած այսօր ալ կը շարունակէ դաշնակիցներ փնտռել, կը շարունակէ փնտռել կարող այր մարդիկ ու կիներ, որոնք կարող են հաւատալու, յիշատակելու, եւ Աստուծոյ ժողովուրդին մաս զգալու, գործակցելու համար Սուրբ Հոգիի արարչագործ ներգործութեան։

Աստուած կը շարունակէ շրջիլ մեր թաղամասերուն եւ մեր ուղիներուն վրայ. Ան ամէն վայրի մէջ կը որոնէ սրտեր, որոնք կարող են անսալու Իր հրաւէրին եւ զայն մարմնացնելու հո´ս եւ հի´մա։








All the contents on this site are copyrighted ©.