2017-03-25 11:31:00

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Ամպրոզեան Թեմին կղերական դասին հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը  Միլան կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս Միլանի ''Տուոմօ'' աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ Ամպրոզեան Թեմին կղերական դասին հետ։

''Տուոմօ'' ժամանելուն Սրբազան Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ Միլանի Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Անճելօ Սքոլայի ու Միլանօ Թեմին եպիսկոպոսներուն, ինչպէս նաեւ Տուոմոյի հրապարակին վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներու կողմէ։

Սրբազան Քահանայապետը ապա Եկեղեցի մտաւ ու պահ մը ամփոփուեցաւ Եկեղեցւոյ գետնադամբանի մատրան մէջ, ապա առանձնական հանդիպում ունեցաւ Միլանոյի երբեմնի Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Տիոնիճի Թեթթամացիի հետ, հուսկ Տուոմոյի մէջ հանդիպում ունեցաւ Միլանօ թեմին կղերական դասի 4000 անդամներուն հետ, պատասխանելով անոնց կողմէ ուղղուած երեք հարցումներուն, հայող` աշխարհանականացումի մարտահրաւէրներուն ինչպէս նաեւ բազմացեղային ու բազմակրօնային ընկերութեան մը ծաւալումին, ապա ձեռնադրուած սարկաւագներու առաքելութեան ու կրօնական կեանքին։

Սրբազան Քահանայապետին առաջին հարցումը ուղղեց Քահանայ մը` Հայր Կապրիելէ Ճոյա որուն Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց թէ Քրիստոնէութեան իւրաքանչիւր պատմական դարաշրջան ունեցած է իր մարտահրաւէրները ու թէ պէտք չէ վախնալ այդ մարտահրաւէրներէն որովհետեւ անոնք նշան են կենդանի հաւատքի մը։

Մարտահրաւէրները մեզ կ՛օգնեն որպէսզի մեր հաւատքը գաղափարախօսութիւն չի դառնայ – ըսաւ Սրբազան Պապը - եւ ակնարկելով բազմամշակութային, բազմակրօնային ու բազմացեղային ընկերութեան,­ նշեց թէ Եկեղեցին ապրելու է ''բազմազանութեան'' համար ու թէ Սուրբ Հոգին բազմազանութեան Վարդապետն է։ Եկեղեցին մէկ է սակայն ունի բազմակերպ փորձառութիւն։

Այս մէկը մեր հասարակութիւններուն համար հարստութիւն մըն է, որ կը յայտնուի Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեան մէջ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու խրախուսեց ներկաները ժամանակակից աշխարհի մէջ ճանչնալու պայծառ եւ մութ  երեւոյթները ու յատկապէս զատորոշել եւ զգոյշ ըլլալ միաձեւութեան ու յարաբերապաշտութեան շեղումներէն, որոնք կը փորձեն ոչնչացնել տարբերութիւններու միջեւ միութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց զգոյշ ըլլալ նաեւ ու չի շփոթել միասնութիւնը միանմանութեան հետ...հաւատքը - ըսաւ Ան - որպէսզի ըլլայ քրիստոնեայ, պէտք է երաշխաւորուի մարդկային գործընթացին մէջ, առանց սակայն անոր հպատակելու, ու հրաւիրեց Հովիւները կազմաւորուելու զատորոշումի մէջ որպէսզի կարենան օգնութեան հասնիլ յատկապէս  երիտասարդներուն։ Զատորոշումը, ըսաւ Սրբազան Պապը, մեզ կը մղէ Յարութեան, Կեանքին եւ ոչ թէ մահուան մշակոյթին։

Պատասխանելով ապա Սարկաւագի մը ուղղած մէկ հարցումին­, Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց թէ սարկաւագները կարող են շատ բաներ նուիրել եկեղեցւոյ ու հաւատացեալներուն,  հաստատելով թէ Սարկաւագութիւնը եւս կոչում մըն է, կոչում ծառայութեան. Սարկաւագը Եկեղեցւոյ ծառայութեան պահակն է, ծառայել խօսքին, խորանին, ու աղքատներուն։ Անոր առաքելութիւնը կը կայանայ այս ծառայութեան մէջ` ի սպաս Աստուծոյ ու եղբայրներուն, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ մանրամասնօրէն անդրադառնալով սարկաւագի կոչումին ու առաքելութեան հուսկ պատասխանեց Մայր Մարիա Փաոլա Փականոնիի` կրօնական կեանքին հայող ուղղած հարցումին, խրախուսելով կրօնաւորները չվհատելու ու չի հիմնուելու միայն անցեալի փառքերուն վրայ, յատկապէս երբ այդ կրօնական միաբանութիւններու մէջ կոչումներու պակաս կայ, այլ վստահելու Սուրբ Հոգիին որ նոյնիսկ խաւարին մէջ կարող է լոյս ներշնչել։

Մեր միաբանութիւնները ծնունդ չ՛առին որպէսզի դառնան զանգուածներ, անոնք  աշխարհի եւ ընկերութեան աղն ու թթխմորն են, որոնք իրենց սատարը կու տան ''աճումին'' համար։ Այսօրուայ իրականութիւնը մեզմէ կը պահանջէ ըլլալ այդ աղն ու թթխմորը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը  հրաւիրելով ներկաները միշտ վստահելու Սուրբ Հոգւոյն ներշնչումներուն որ միակն է կարող` մեզի ցոյց տալու միաբանութեան առաքելական ճանապարհն ու խարիզմը, ամենուրէք տանելու Քրիստոսը, զայն ընտրելով որպէս կեդրոն։ ''Յիսուսը դրէք այնտեղ ուր պէտք է դրուի` ժողովուրդին մէջ'', ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ներկաները հրաւիրելով միասին աղօթել ապա անոնց շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.