2017-03-25 09:25:00

Արամ Ա. «Էրտողանը, իր պապերուն գործած ոճիրը թող ընդունի»


«Էրտողանը փոխանակ Եւրոպային դաս տալ փորձելու, Հայ Ժողովուրդին դէմ իր պապերուն գործած ոճիրը թող ընդունի»։ Այս բառերով Արամ Ա. կաթողիկոս ողջունեց իրեն այցելող խումբ մը լիբանանցի արուեստագէտները, որոնք 24 ապրիլին առիթով Պիպլոսի մէջ պիտի ցուցադրեն Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած իրենց գեղանկարները: Սոյն ծրագիրը կազմակերպուած է Թէքէեան մշակութային միութեան կողմէ եւ անոր նպատակն է արուեստի ճամբով օտարներուն ծանօթացնել Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Իր խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը գնահատելով լիբանանցի գեղանկարիչներուն մասնակցութիւնը ցուցահանդէսին, թելադրեց, որ իրենց պատրաստելիք գեղանկարներուն մէջ շեշտը դնեն ցեղասպանութենէն անդին` նաեւ հայ ժողովուրդի արդարութեան պահանջին ու վերածնունդին վրայ: Արամ Ա. կաթողիկոս նշեց, որ թուրքը ջարդեց հայ ժողովուրդը, իսկ արաբ ժողովուրդը, իսլամ թէ քրիստոնեայ, իր հայրենիքին դռները լայն բացաւ հայ ժողովուրդին դիմաց: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, «Թուրքին նոյն ծաւալապաշտական ու բռնատիրական ոգին այսօր եւս տեսանելի է թէ՛ արաբական աշխարհին եւ թէ՛ Եւրոպայի մէջ»:

Ապա վեհափառ հայրապետը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.