2017-03-24 13:57:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ֆիժիի հանրապետութեան նախագահը։ Մամլոյ Հաղորդագրութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 24 մարտ 2017-ին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ, առաքելական պալատին մէջ, ընդունեց Ֆիժի հանրապետութեան նախագահ Տիար Քոնրոթէն որ ապա հանդիպում ունեցաւ Պետական Քարտուղար կարդինալ Փարոլինին հետ որուն կ՛ընկերանար պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը Գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Սիրալիր հանդիպումներու ընթացքին ընդգծուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Ֆիժիի հանրապետութեան միջեւ տիրող բարի յարաբերութիւնները ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ` Երկիրն կեանքին ընծայած սատարը։

Մատնանշուեցան ապա հարցեր հայող կլիմայական փոփոխութիւններուն ու այս ծիրէն ներս ընդգծուեցաւ յատկապէս բարոյական ծաւալը որ խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ զանազան ընկերային խումբերու  ու ապագայի սերունդներու նկատմամբ զօրակցութիւնը։

Ի վերջոյ անդրադարձ կատարուեցաւ Ֆիժիի հանրապետութեան զօրքերու մասնակցութեան` աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ զօրքերու առաքելութիւններուն։  








All the contents on this site are copyrighted ©.