2017-03-24 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Աղօթենք հալածուած քրիստոնեաներուն համար''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 24 Մարտ 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց երկու թուիթներ մէկը առաւօտեան որուն մէջ ակնարկեց քառասնորդացի շրջանին ու ծոմապահութեան դիտել տալով թէ ''Ծոմապահութիւնը պտղաբեր է  երբ անոր կ՛ընկերանայ մերձաւորի նկատմամբ շօշափելի սէր` յատկապէս երբ ան դժուարութեան մէջ է'' մինչ երկրորդը ժամը 13,30-ին Միսիոնար առաքեալներու յիշատակի աղօթքի օրուան առթիւ որուն մէջ Քահանայապետը հրաւիրեց աղօթել մեր բազմաթիւ քրիստոնեայ եղբայրներուն ու քոյրերուն համար որոնք իրենց հաւատքին համար կը տառապին հալածանքի ու հարստահարումներու պատճառաւ. Մենք անոնց միացած ենք. հաստատեց Սրբազան Պապը հրապարակած թուիթին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.