2017-03-24 14:55:00

Սեզար Եպս. Եսայեան եւ Գէորգ Եպս. Ասատուրեան այցելեցին Արամ Ա Կաթողիկոսին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 24 Մարտ 2017-ի առաւօտուն, Լիբանանի Լատին համայնքի նոր առաջնորդ՝ Հայր Սեզար Եպս. Եսայեան  ընկերակցութեամբ  Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ թեմի օգնական Եպիսկոպոս՝ Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի, այցելեց  Արամ Ա Կաթողիկոս Վեհափառ Հայրապետին։

Սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացող հանդիպումի ընթացքին  անդրադարձ կատարուեցաւ, ընդհանրապէս Հայ եւ կաթողիկէ եկեղեցիներու յարաբերութեան, Արամ Ա Կաթողիկոսի վերջերս Վատիկան կատարած այցելութեան, Լիբանանի կացութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիահայութեան դիմագրաւած խնդիրներուն ու դժուարութիւններուն մասին: 

Արամ Ա Կաթողիկոս,  Լիբանանի Լատին համայնքի նոր առաջնորդին մաղթեց, որ Լիբանանի հայութեան հետ մշակէ սերտ գործակցութիւն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.