2017-03-24 08:03:00

Հռոմի պայմանագրի 60 ամեակը. Քահանայապետերը ի սպաս խաղաղութիւն երաշխաւորող Եւրոպայի։


(Ռատիօ Վատիկան) 1957 թուականի  25 Մարտին  Պելկիան, Ֆրանսան, Իտալիան, Լուքսեմպուրկը, Նիդերլանտները եւ Արեւմտեան Գերմանիան ստորագրեցին Հռոմի Պայմանագիրը որով ստեղծուեցաւ Եւրոպական տնտեսական համագործակցութիւնը եւ մաքսային միութիւնը։

Այս տարի կը նշուի այդ պայմանագրի 60 ամեակը որուն առթիւ ընդլայնուած Եւրոպայի բոլոր Պետութիւններու կառավարիչները Հռոմ պիտի ժամանեն մեծ հանդիսութեամբ նշելու վերոնշեալ յոբելեանը ու 24 Մարտի յետմիջօրէին անոնք հանդիպում պիտի ունենան Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։

Բ համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք բոլոր Քահանայապետերը յատուկ ուշադրութիւն նուիրած են Եւրոպային` այն մտահոգութեամբ որ ան երաշխաւորէ խաղաղութիւնը, առանց ուրանալու իր արմատները ու պահպանելով ժողովուրդներու բազմազանութիւնը։

Պիոս ԺԲ Քահանայապետէն սկսեալ բոլոր անոր յաջորդները եւս իրենց սատարը բերած են Եւրոպայի գաղափարի կառուցման, յատկապէս շեշտը դնելով Եւրոպայի կրօնական քրիստոնէա-հրէական արմատներուն վրայ ու բարոյական արժէքներուն վրայ։

Սուրբ  Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետը 1962-ի Յունիս ամսուայ ընթացքին յղած մէկ պատգամին մէջ նշած է ''Քրիստոնէութիւնն է որ 2000 տարիներէ ի վեր կը կերտէ եւրոպական հոգին եւ ան է որ բնորոշեց մարդկային անհատի յատկութիւնները, որպէս ազատ մարդ, անկախ եւ պատասխանատու''։

Պօղոս Զ Քահանայապետը իր կարգին 25 նոյեմբեր 1971-ին ունկնդրութիւն շնորհելով Եւրոպայի Խորհրդարանի նախագահին ըսած է ''Դուք ուզեցիք արտայայտել ձեր համոզումը որ ամէն մարդ էակի արժանապատուութիւնը, անոր ազատութիւնն ու բարոյական պատասխանատուութիւնը ինչպէս նաեւ անոր իրաւունքներն ու այլ մարդոց ` ընտանիքին ու պետութեան նկատմամբ պարտականութիւնները, այնպէս ինչպէս հռչակուած է եկեղեցւոյ կողմէ, կը կազմեն  ամէն մէկ կազմակերպուած ընկերութեան անսասան հիմքը։ Այս ուսուցումն է որ կազմեց Եւրոպան անցեալ դարերու հոլովոյթին ու սատարեց այնպիսի մշակոյթի մը ծաւալումին որ դարձաւ օրինակ այլ ազգերու եւ աշխարհի այլ պետութիւններու''։

Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը 11 հոկտեմբեր 1981-ին Եւրոպայի Խորհրդարանի մէջ հաստատած է ''Ոչ մէկը կարող է երեւակայել որ Միացած Եւրոպա մը կրնայ փակուիլ իր եսասիրութեան մէջ։ Խօսելով մէկ ձայնով ու միացնելով ուժերը ան կարող պիտի ըլլայ  նոր կենսամիջոցներ եւ նոր ուժականութիւն նուիրել` երրորդ աշխարհի պետութիւններու զարգացումին ի սպաս.... ու եւրոպական համագործակցութիւնը աւելի հաւատալի ու պտղաբեր կը դառնայ այն ժամանակ երբ առանց տիրապետելու ձգտող թաքնուած դրդապատճառներու կը մտադրէ օգնել աղքատ երկիրներուն իրենց ճակատագիրի պատասխանատուութիւնը ստանձնելու համար։ Եկեղեցին կարո՞ղ է արդեօք անտեսել Եւրոպայի Կառուցումը, ինք որ դարերէ ի վեր  ծիլ առած է եւրոպան կազմող ժողովուրդներու մէջ, որոնց համար քրիստոնեայ հաւատքը է ու կը մնայ անոնց մշակութային ինքնութեան մէկ տարրը'' հարց տուած էր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ մինչ Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետը

2006-ի 30 Մարտին, խօսքը ուղղելով Եւրոպայի Ժողովրդական կուսակցութեան անդամներուն ըսած է  ''Եւրոպան կը դիմագրաւէ տարբեր, կարեւոր ու խրթին հարցեր, որոնց հետապնդումը պէտք է ներշնչուի հաւատարիմ ստեղծագործութեամբ, քրիստոնէական ժառանգութենէն որ իր յատուկ սատարը բերած է   ցամաքամասի կազմին ու անոր միութեան''։

''Այս քրիստոնէական արմատներու հիման վրայ Եւրոպան կարող պիտի ըլլայ վստահելի ուղեգիծ մը պարգեւելու իր քաղաքացիներուն ու ժողովուրդներուն ու պիտի ամրապնդէ միասնական քաղաքակրթութեան պատկանելիութեան խիղճը ու պիտի հզօրացնէ բոլորին յանձնառումը` դիմագրաւելու համար ներկայի մարտահրաւէրները աւելի լաւ ապագայի հեռանկարով։

Ֆրանչիսկոս Պապ որուն համար`25 մարտ 2017-ի հանդիպումը կը հանդիսանայ Եւրոպական Իշխանութիւններու հետ երրորդը, 25 նոյեմբեր 2014-ին Եւրոմիութեան Խորհրդարանին մէջ հաստատեց թէ  ''Եւրոպան ժողովուրդներու ընտանիք է....ու թէ մարդ արարածը որպէս կեդրոն ընտրել կը նշանակէ ամէնէն առաջ այնպէս ընել որ ան ազատութեամբ արտայայտէ իր դիմագիծն ու ստեղծագործութիւնը` ըլլայ անհատական ըլլայ ազգային գետնի վրայ''։

...Հիմնական կը նկատեմ ոչ միայն ցամաքամասի մշակութա-ընկերային կազմութեան անցեալի քրիստոնէական ժառանգութիւնը, այլ յատկապէս  նաեւ սատարը որ ան այսօր եւս ու ապագային կ՛ուզէ պարգեւել ի սպաս Եւրոպայի զարգացումին։

Երկհազարամեայ պատմութիւն մը Եւրոպան Քրիստոնէութեան կը միացնէ։ Թէեւ սխալներէ, մեղքերէ ու հակատրամատութիւնէ զերծ պատմութիւն մը չէ սակայն միշտ ալ ոգեւորուած է բարիի կառուցումին իղձով - նշած է Նորին Սրբութիւնը որ նոյն նիստի ընթացքին ընդգծած է նաեւ թէ Ժամանակը եկած է միասնական աշխատանքով կառուցելու Եւրոպան`  որը պէտք է պատուէ ոչ է տնտեսութիւնը այլ մարդու սրբազանութիւնը''։

Ապա  6 Մայիս 2016-ին Քարլօ Մանիօ մրցանակի ընդունելութեան առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ արտասանած  երկարաշունչ ճառին մէջ հաստատած է թէ '' Եւրոպան կառոյց մըն է, որ կազմուած է զանազան պետութիւններէ որոնք չմիացան  ''հարկադրանքի'' բերումով այլ` հասարակաց բարիքի ազատ ընտրութեամբ ու թէ անոր` խաղաղութեան հեռոս ու ապագայի մարգարէ` Հիմնադիր Հայրերու ծրագիրը­, տակաւին վաւեր է ու մեզ կը ներշնչէ կամուրջներ կառուցել ու պատերը տապալել։

Անցեալէն  ներշնչուելով քաջութեամբ դիմագրաւենք ժամանակակից բազմաբեւեռային խրթին իրականութիւնը, վճռակամ ընդունելով` Եւրոպայի գաղափարը արդիական դարձնելու մարտահրաւէրը ըսած է Քահանայապետը իր պատգամին մէջ հրաւիրելով ձգտիլ Եւրոպայի մը որ կարողանայ ծնունդ տալ նոր մարդկայնապաշտութեան մը,  հիմնուած երեք կարողութիւններու վրայ ''համալրումի  կարողութիւնը, երկխօսութեան կարողութիւնը եւ վերածնունդի կարողութիւնը­­''։

 

Խաղաղութիւնը արդարեւ կը յարատեւէ անքանով որ մենք մեր զաւակները կը զինենք երկխօսութեան զէնքերով ու անոնց կը սորվեցնենք մղել հանդիպումի ու բանակցութեան պայքարը։ Միայն այսպէսով  պիտի կարենանք անոնց ձգել մշակութային ժառանգութիւն մը որ կարող է ռազմավարութիւններ սահմանել ոչ թէ մահու այլ կեանքի` ոչ թէ բացառութեան այլ համալրումի - ըսած է միշտ Ֆրանչիսկոս Պապ։

 

Ես կ՛երազեմ նոր եւրոպական մարդկայնապաշտութիւն, որ կարիքը ունի յիշողութեան, քաջութեան, եւ մարդկային երազանքի։

Ես կ՛երազեմ երիտասարդ Եւրոպա մը, կարող շարունակելու ըլլալ Մայր, Մայր մը որ կեանք ունի որովհետեւ կը յարգէ կեանքը եւ յոյս կը ներշնչէ։ Կ՛երազեմ եւրոպա մը, որ խնամք կը տանի մանուկին, որ օգնութեան կը հասնի աղքատ եղբօր եւ անոր որ հիւրընկալութիւն կը փնտռէ, որովհետեւ կորսնցուցած է ամէն ինչ եւ ապաստանի կը կարօտի։

Կ՛երազեմ Եւրոպա մը որ գիտէ ունկնդրել ու արժէքաւորել հիւանդ եւ տարիքոտ անձերը, որպէսզի չի վերածուին ''մնացորդացի''։ Կ՛երազեմ եւրոպա մը ուր գաղթական ըլլալը չհամարուի որպէս ոճիր, այլ հրաւէր մը` աւելի մեծ յանձնառումի, ի սպաս մարդ էակին։

Կ՛երազեմ եւրոպա մը ուր երիտասարդները կարենան շնչել պարկեշտութեան մաքուր օթը, սիրեն մշակոյթին գեղեցկութիւնը եւ կեանքի պարզութիւնը, որ ապականած չըլլայ մսխումի անյագ կարիքներէն։ Եւրոպա մը ուր` ամուսնանալ եւ զաւակ ունենալը ըլլայ պատասխանատուութիւն եւ մեծ ուրախութիւն ու ոչ թէ հարց մը` անկայուն աշխատանքի պակասի բերումով։
Կ՛երազեմ ընտանիքներու Եւրոպա մը, իսկական քաղաքականութեամբ, հիմնուած դիմագիծերու եւ ոչ թէ թիւերու վրայ։ Կ՛երազեմ Եւրոպա մը որ կ՛երաշխաւորէ ամէն անհատի իրաւունքը եւ անոր պաշտպանութիւնը, առանց մոռնալու իւրաքանչիւրի նկատմամբ պատասխանատուութիւնը։ 

Կ՛երազեմ Եւրոպա մը, ուր կարելի չըլլայ ըսել` թէ անոր յանձնառումը ի սպաս մարդկային իրաւունքներուն, եղաւ անոր վերջին ցնորքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.