2017-03-24 09:41:00

''Հայաստան''Համահայկական հիմնադրամը կ՛աջակցի Սուրիահայերուն։


2012 Օգոստոսէն ի վեր՝ սուրիահայութեան աջակցութեան նպատակով՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հաշուեհամարներուն, համայն հայութեան կողմէն, առ այսօր փոխանցուած է ընդհանուր` 395,870,613.62 ՀՀ դրամին համարժէք հանագանակութիւն, ներառեալ` առձեռն կատարուած նուիրատւութիւնները: Հասոյթին գերակշռող մասը ձեւաւորուած է Հիմնադրամի Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, ԱՄՆ Արեւմտեան ափի, Արժանթինի, Պրազիլի, Լիբանանի, Շուէտի, Հոլանտայի տեղական մարմիններուն` Հեռուստամարաթոն 2012-ի եւ 2013-ի շրջանակներուն հաւաքագրուած գումարներէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ արտերկրի տարբեր կազմակերպութիւններու եւ անհատներու նուիրատւութիւններէն` Հրայր Յովնանեան, Արա Աբրահամեան, «Փեթակ» ՍՊԸ, «Հայռուսգազարդ» ՓԲԸ, «Գալուստանեան Րաֆֆի» բարեգործական կեդրոն, ՀՀ Դատաւորներ, ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան ուսումնարան ՊՈԱԿ, «Բանանց» ֆութպոլային ակումբ, Գիւմրիի Կարա Մուրզայի անուան երաժշտական դպրոց, «Թուրուանդ» ՍՊԸ եւ այլն:

Հանգանակութիւնները ուղղուած են բազմաբնոյթ ծրագրերու իրականացման.

Հայաստանի մէջ`
– Սուրիահայերը Հայաստան տեղափոխելու նպատակով Երեւան-Հալէպ-Երեւան 2 չուերթի աջակցութիւն` 17,742,000 ՀՀ դրամ,
– Հայաստանի երկու տասնեակէ աւել համալսարաններու մէջ ուսանող 120 սուրիահայու ուսման վարձի փոխհատուցում` 35,683,398 ՀՀ դրամ,
– Սրտի 39 վիրահատութեան ծախսերու փոխհատուցում` 36,953.500 ՀՀ դրամ,
– 9 յուղարկաւորութեան ծախսերու փոխհատուցում` 1,525,000 ՀՀ դրամ,
– 19 ընտանիքի բուժման ծախսերու փոխատուցում եւ դեղորայքի տրամադրում` 5,652,000.6 ՀՀ դրամ:

Սուրիոյ մէջ`
– Հալէպի հայկական վարժարաններու ուսուցիչներու աշխատավարձի փոխհատուցում` 27,606,000 ՀՀ դրամ,
– Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանատան եւ Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան ու վերականգնման մարմինին ընդհանուր առմամբ 270,708,715.56 ՀՀ դրամի փոխանցում, որ, ըստ իրավիճակի անհրաժեշտութեան, նպատակաուղղուած է սուրիահայերու կարիքներուն:

«Երբեմնի մեծ ու հզօր սուրիահայ համայնքը այսօր մեր օգնութեան կարիքը ունի, եւ այդ հարցով կարեւոր է իւրաքաչիւրիս աջակցութիւնը: Մեր աշխարհասփիւռ նուիրատուներուն հանգանակութիւններով մենք յաջողած ենք բազմաբնոյթ աջակցութիւն ցուցաբերել թէ՛ հայրենադարձ, թէ Սուրիոյ մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն: Միայն շարունակական աջակցութեան պարագային հնարաւոր պիտի ըլլայ քիչ մը մեղմացնել մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն խնդիրները»,- կը նշէ «Հայաստան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան:

Սուրիահայութեան օժանդակելու նպատակով Հիմնադրամը կը շարունակէ ընդունիլ հանգանակութիւններ, որոնց միջոցով միայն հնարաւոր պիտի ըլլայ կեանքի կոչել նոր ծրագրեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.