2017-03-24 09:16:00

Երանելի կը հռչակուի Հայր Խօսէ Ալվարեզ Պենավիտես Ի Տէ Լա Թորրէն եւ 114 ընկերները։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 25 ապրիլ 2017-ին, Սպանիոյ Ալմերիա քաղաքին մէջ, Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ կարդինալ Անճելօ Ամաթօ կը հանդիսապետէ Սուրբ Պատարագի արարողութեան, որուն ընթացքին երանելի կը հռչակէ Հայր Խօսէ Ալվարեզ Պենավիտես Ի Տէ Լա Թորրէն ու իր 114 ընկերները՝ թեմական քահանաները։

Հայր Խօսէ Ալվարեզ Պենավիտես Ի Տէ Լա Թորրէն ծնած է Մալակա քաղաքին մէջ ։ 1778-ին, կը մտնէ Ալմերիա քաղաքի նորընծայարան։ Աստուածաբանական ուսմունքները  աւարտելէ ետք  ան փոխ տեսուչի պաշտօնը կը վարէ Ամերիայի նորընծայարանին մէռ  ուր կը դասաւանդէ նաեւ Լատիներէն լեզու ։

13 սեպտեմբեր 1936-ին, Սպանիոյ մէջ քրիստոնեաներուն դէմ կատարուած  հալածանքներու ժամանակ  հայր Խօսէ Ալվարեզ ու իր 114 ընկերները անարդարութեամբ կը նահատակուին։  Սպանացի կղերականը գրած է բազմաթիւ գիրքեր, իր թանկարժէք նպաստը բերելով պատմամշակութային գործերէն ներս, գրելով Ալմերիա քաղաքի  պատմութիւնը, որ մինչեւ օրս որպէս աղբիր գործածուած է պատմագէտներու կողմէ ։  Հայր խօսէին  անձնական գիրքերը մեծամասնութեամբ նուիրուած է նորընծայարանի մայր տաճարին մատենադարանին ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.