2017-03-21 11:34:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Ֆաթիմա կատարելիք ճամբորդութեան յայտագիրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երանելի Սուրբ Կոյս  Մարիամի  երեւման 100 ամեակի առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մայիս 12-13,  երկօրեայ  ուխտագնացութիւն  պիտի կատարէ Ֆաթիմայի Տիրամօր սրբավայրին։ Նորին Սրբութեան յիշեալ ճամբորդութեան յայտագիրը հրապարակուեցաւ երկուշաբթի 20 մարտ 2017-ին, որուն մէջ նշուած է , թէ Ան Ուրբաթ, 12 մայիս 2017-ին, յետմիջօրէին՝ 2.00-ին, Հռոմի ''Ֆիումիչինօ'' միջազգային օդակայանէն կը մեկնի  Ֆաթիմայի սրբավայր, երեք ժամ 20 վայրկեան տեւողութեամբ թռիչքէ ետք՝ Նորին Սրբութիւնը փոխադրող օդանաւը վայրէջք կը կատարէ  ''Մոնթէ Ռէալ'' օդակայան, ուր տեղի կ՛ունենայ Նորին Սրբութեան ի պատիւ բարի գալուստի արարողութիւն, որմէ ետք Սրբազան Հայրը հանդիպում կ՝ունենայ Փռրթուկալի հանրապետութեան նախագահին հետ, ապա կ՝այցելէ օդակայանին մէջ գտնուող մատուռը, ուր պահ մը աղօթք կատարելէ, ինքնաթիռով  կը փոխադրուի Ֆաթիմա ուր կը ժամանէ  5.35-ին  ու ինքնաշարժով կը փոխադրուի Տիրամօր երեւումներու մատուռ ուր Սրբազան Հայր կ՛ամփոփուի առանձնական աղօթքի մէջ։

Երեկոյեան ժամը 9-00-ին, Տիրամօր երեւումներուն  նոյն մատրան մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ  մոմերու օրհնութեան կարգը կը կատարէ որուն առթիւ արտասանած ողջոյնի  խօսքէն  ետք կը մասնակցի սուրբ վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքին որով  վերջ կը գտնէ Սրբազան Քահանայապետի Ֆաթիմայի ուխտագնացութեան առաջին օրուան յայտագիրը։

Շաբաթ, 13 մայիս 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ առաւօտեան` 9.10-ին, ''N.S.  do Carmo'' տան մէջ  կը հանդիպի Փորթուկալի Վարչապետին հետ, ապա ժամը 9,40-ին, կ՝այցելէ Ֆաթիմայի վարդարանի Տիրամօր մայր տաճար, ուր կը հանդիսապետէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, որուն աւարտին կը հանդիպի խումբ մը հիւանդներուն հետ։  

Սրբազան Արարողութենէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ, ''N.S. do Carmo” բնակարանի մէջ կէսօրուան ճաշը կը կիսէ Փորթուկալի եպիսկոպոսներուն հետ հուսկ յետմիջօրէի 2,45-ին, Մոնթէ Ռէալ օդակայանին մէջ տեղի ունեցող հրաժեշտի արարողութեան աւարտին  Սրբազան Քահանայապետը կը բարձրանայ օդանաւ ու վերադարձ կը կատարէ դէպի Հռոմ ուր  Չամփինօ օդակայան ժամանումը նախատեսուած է երեկոյեան  7,05 անց։  








All the contents on this site are copyrighted ©.