2017-03-21 09:23:00

Հնդկաստանի կաթողիկէներու Երիտասարդութեան ազգային օրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ամէն տարի, Օգոստոս ամսոյն առաջին կիրակին, Հնդկաստանի կաթողիկէները թեմական եւ ազգային մակարդակի վրայ կը կատարեն Երիտասարդութեան ազգային օրը։ Այդ օրը առիթ մը պիտի ըլլայ հանդէս գալու Աւետարանի վկայութեամբ։ Հնդկաստանի Եպիսկոպոսական Ժողովի յանձնաժողովը իր օժանդակութիւնը պիտի ցուցաբերէ թեմերուն՝ երիտասարդներու հոգեւոր զարգացումի ճանապարհին վրայ։ Յիշեալ յանձնաժողովը 2017-2018 տարիներուն պիտի խթանէ արդէն իսկ ընթացքի մէջ գտնուող երիտասարդներու հովուականի մարզէն ներս գործողներու կազմաւորումը։

Երիտասարդութեան ազգային օրուան պատրաստութեան աշխատանքները արդէն սկսած են տարւոյս Մարտ ամսոյն՝ ծրագիրներու պատրաստութեամբ։

Ծրագիրը կը նախատեսէ նաեւ մասնակցութիւն Ասիոյ Երիտասարդութեան Օրուան, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ Ինտոնեզիոյ Եոկեաքարթա քաղաքին մէջ, յուլիս 30էն մինչեւ 9 օգոստոս։ Հաւաքին պիտի մասնակցին երեք հազար կաթողիկէ երիտասարդներ, ասիական 29 տարբեր երկիրներէ։ Ձեռնարկի բնաբանն է՝ “Ասիոյ Երիտասարդութիւնը տօնակատարումի մէջ. ապրիլ Աւետարանը բազմամշակոյթ Ասիոյ մէջ”։ Այս նախաձեռնութեան նպատակն է ընկերակցիլ երիտասարդներուն, որ ապրին “զօրակցութեան մշակոյթը, Ասիոյ բազմամշակոյթ եւ բազմակրօն ընկերութեան մէջ”, եւ յառաջ մղեն զայն։








All the contents on this site are copyrighted ©.