2017-03-21 10:05:00

Լեւոն արք. Զէքիեան պարգեւատրեց աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրը


Կա­թո­ղի­կէ Հա­յոց Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան ե­րէկ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը պար­գե­ւատ­րեց աշ­խար­հահռ­չակ լու­սան­կա­րիչ Ա­րա Կիւ­լէ­րը։ Այս­պէս, ի­րեն շնոր­հուե­ցաւ Հայ Կա­թո­ղի­կէից Ար­քե­պիս­կո­պոսա­րա­նի նո­րա­հաս­տատ «Մկրտիչ Պե­շիկ­թաշ­լեան» շքանշա­նը, կը գրէ Պոլսոյ “Ժամանակ” թերթը։

Ա­րա Կիւ­լէ­րի մե­ծա­րան­քի հան­դի­սու­թիւ­նը ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին տե­ղի ու­նե­ցաւ Ղա­լա­թիոյ Ս. Փրկիչ Հայ Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծա­ռի հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան դի­ւա­նա­գէտ­ներ, տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ, մտա­ւո­րա­կան­ներ, հո­գե­ւո­րա­կան­ներ, հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէ ծա­նօթ դէմ­քեր եւ բա­զում հիւ­րեր։ Պատ­րիար­քա­րա­նին կող­մէ ներ­կայ էր Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեան։ Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ա­ւա­գեանն ալ հրա­ւի­րեալ­նե­րու շար­քին էր։

Յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ Ա­րեւ Կա­րեա­նի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ։ Ա­րա Կիւ­լէ­րի կեն­սագ­րու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցուց դե­րա­սան Պօ­ղոս Չալ­կը­ճըօղ­լու։ Ա­րա Կիւ­լէ­րի կեան­քին ու գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին ար­տա­յայ­տուե­ցան լու­սան­կա­րիչ Ճո­շքուն Ա­րալ եւ պատ­մա­բան Իլ­պէր Օր­թայ­լը։ Օ­րուան ծրա­գի­րը ու­նէր նաեւ ե­րաժշ­տա­կան բա­ժին մը։

Հայր Վար­դան Ծ. Վրդ. Գա­զան­ճեան եւ Յա­կոբ Սրկ. Մի­նա­սեան գրա­բա­րով եւ աշ­խար­հա­բա­րով ըն­թեր­ցե­ցին Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծա­ռի կող­մէ ստո­րագ­րուած վկա­յա­կա­նը։ Նա­րօտ Մի­նա­սեանն ալ ըն­թեր­ցեց թրքե­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը։

Ա­ւե­լի վերջ հան­դէս ե­կաւ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ, որ Ա­րա Կիւ­լէ­րի մա­սին գնա­հա­տան­քի խօսք մը ար­տա­սա­նե­լէ վերջ ա­նոր յանձ­նեց շքան­շանն ու հա­մա­պա­տաս­խան վկա­յա­կա­նը։ Բո­լոր ներ­կա­նե­րը այս փու­լին հեր­թա­կան ան­գամ ող­ջու­նե­ցին Ա­րա Կիւ­լէ­րի վիթ­խա­րի վաս­տա­կը եւ ջեր­մօ­րէն շրջա­պա­տե­ցին զին­քը։

Պար­գե­ւատ­րու­մէն վերջ տե­ղի ու­նե­ցան նկա­րա­հանում­ներ։ Յայ­տագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան ա­ւար­տին սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին բո­լոր հիւ­րե­րը ի­րենց ջերմ շնոր­հա­ւո­րու­թիւ­նը եւ ա­րեւ­շա­տու­թեան մաղ­թան­քը յղե­ցին Ա­րա Կիւ­լէ­րին։ Ձեռ­նար­կի տե­ւո­ղու­թեան պար­քո­վի­զիո­նի ցու­ցադ­րու­թեամբ Ա­րա Կիւ­լէ­րի կեան­քին ու գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին զա­նա­զան դրուագ­ներ բո­լո­րի յի­շո­ղու­թեան մէջ թար­մա­ցան՝ փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան հե­տաքրք­րա­կան գոր­ծով։








All the contents on this site are copyrighted ©.