2017-03-21 14:00:00

Երիտասարդութեան 32րդ միջազգային օրուան Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ ապրիլ 9ին, Ծաղկազարդի օրը, թեմերու մէջ պիտի կատարուի Երիտասարդութեան 32րդ Միջազգային Օրը։ Այս առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը տուած է, որուն բնաբանը առնուած է Ղուկասի Աւետարանէն, Աստուածածնի արտասանած “Մեծացուսցէ” աղօթքէն։ Այդ աղօթքին մէջ Աստուածածինը կը բացագանչէ՝ “Արար ընդ իս մեծամեծս հզօրն” (Ղուկ Ա. 49)։

Սրբազան Հայրը քանի մը հիմնական կէտերու մէջ կ’անդրադառնայ այսօրուան երիտասարդի էութեան։ Պատգամին սկիզբը ան կը յիշեցնէ 2019ին, Փանամայի մէջ կայանալիք Երիտասարդութեան Միջազգային Օրը, “որուն կ’ընթանանք, ընկերակցութեամբ Աստուածածնի, որուն երանի պիտի տան բոլոր ազգերը” (հմմտ Ղուկ Ա. 48)։ Ասոր համար է, որ Սրբազան Քահանայապետը կը կենդրոնանայ Աստուածածնի կերպարին վրայ, յիշելով Աւետման ժամանակ Հրեշտակին եւ Աստուածածնի խօսակցութիւնը եւ ապա Եղիսաբեթի կատարած այցելութիւնը։ Ֆրանչիսկոս Պապ կը յիշեցնէ նաեւ, թէ 2018ի հոկտեմբերին եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսին նիւթը պիտի ըլլան երիտասարդները։

Սրբազան Հայրը կը նշէ, թէ աւետումէն ետք Աստուածածինը ճամբայ կ’ելլէ՝ հանդիպելու Եղիսաբեթին. ան չի նստիր բազմոցի վրայ, չի փակուիր իր տան մէջ։ Մարիամ երիտասարդ աղջիկ մըն էր, եւ ան երկար ճամբայ կը քալէ հասնելու Եղիսաբեթին։ Ան պէտք է օրինակ ծառայէ երիտասարդներուն՝ չմնալու անշարժ վիճակի մէջ, այլ ընթանալու յառաջ եւ հասունանալու՝ Աստուծոյ մերձեցման եւ ուրիշներու ծառայութեան մէջ։

Ապա Ֆրանչիսկոս Պապ կը մատնանշէ Մարիամի եւ Եղիսաբեթի, երիտասարդ աղջկան եւ տարեց կնոջ հանդիպումին, “ուր Սուրբ Հոգիի ներկայութիւնը կը հասնի լրումին, ուրախութեան եւ հիացմունքի յորդումով” (հմմտ Ղուկ Ա. 40-45)։ Եղիսաբեթ կը բացագանչէ՝ “Երանի անոր, որ հաւատաց թէ պիտի իրագործուին Տիրոջ կողմէ ըսուած խօսքերը”։ Մարիամ, իր կարգին, կ’արտասանէ “Մեծացուսցէն” (հմմտ Ղուկ Ա. 46-55)։ Սրբազան Հայրը այս աղօթքին կու տայ “յեղափոխական” որակումը։ Ան կը նկատէ, թէ այդ աղօթքը հաւատքով լեցուն երիտասարդի մը աղօթքն է, որ գիտակից է իր սահմաններուն եւ լիուլի կը վստահի աստուածային ողորմածութեան վրայ։ “Հաւատքը Մարիամի ամբողջ պատմութեան սիրտն է” կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապ, աւելցնելով՝ “անոր երգը մեզի հասկնալ կու տայ Տիրոջ ողորմածութիւնը իբր պատմութեան շարժակ, ըլլայ իւրաքանչիւր անհատի եւ կամ ամբողջ մարդկութեան պատմութեան համար”։ Երբ Աստուած կը յուզէ երիտասարդի մը սիրտը, երիտասարդը կը դառնայ կարող՝ կատարելու մեծ արարքներ։ “Աստուծոյ կատարած գործերը նաեւ մեր կեանքի ճանապարհին կ’ընկերանան մեզի – կ’ըսէ Սրբազան Պապը – մեր կեանքը անիմաստ թափառում մը չէ, այլ ուխտագնացութիւն մըն է, որ իր բոլոր տարտամ վիճակներով եւ տառապանքներով, կրնայ իր լիութիւնը գտնել Աստուծոյ մէջ։”

“Ըլլալ երիտասարդ չի նշանակեր կտրուած ըլլալ անցեալէն” կը պատգամէ Սրբազան Պապը։ “Մարիամ իր Մեծացուսցէին մէջ կը հանդիսանայ իբր իր ժողովուրդի գովաբանութեան եւ պատմութեան ձայնը։ Մեր անձնական կեանքը մաս կը կազմէ ճանապարհի մը, որ կը տարածուի դարերու վրայ։ Մարիամի նման, մենք ալ կը պատկանինք ժողովուրդի մը։ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, թէ նոյնիսկ այն ժամանակ երբ Եկեղեցին պէտք է անցնի ալեկոծ ծովերէ, Աստուծոյ ձեռքը կ’առաջնորդէ զայն եւ կ’օգնէ որ գերազանցէ դժուարին պահերը։ Եկեղեցին իր մէջ կը կրէ երկար աւանդութիւն մը, որ կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ, միաժամանակ հարստանալով իւրաքանչիւրի փորձառութեամբ։ Նաեւ ձեր պատմութիւնը իր տեղը պիտի ունենայ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ”։

Ապա Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը յիշէ Ղուկասի Աւետարանի խօսքը, թէ “Մարիամ այս ամէնը կը պահէր իր սրտին մէջ” (Ղուկ Բ. 51)։ Պէտք է Մարիամէն սորվինք պահել կեանքի դէպքերու յիշատակը։ Այս կարելի է կատարել իւրաքանչիւր օր քանի մը րոպէ խոկալով օրուան գեղեցիկ պահերու, մարտահրաւէրներու եւ այն ամէն բանի մասին որ լաւ ընթացած է եւ կամ վատ։ “Այս կը նշանակէ աղօթել կեանքի մէջ, կեանքով եւ կեանքի մասին, եւ ապահովաբար պիտի օգնէ աւելի լաւ հասկնալու այն մեծամեծ արարքները, որոնք Տէրը կը կատարէ իւրաքանչիւրին համար”։

Նկատի առնելով Մարիամի “Մեծացուսցէն” կ’անդրադառնանք թէ Մարիամ որքա´ն քաջածանօթ էր Աստուածաշունչին։ “Մեծացուսցէի” իւրաքանչիւր տողը իր զուգահեռը ունի Հին Կտակարանին մէջ։ Մարիամ լաւապէս ծանօթ էր իր ժողովուրդի աղօթքին, այն ինչ որ իր ծնողքը եւ մեծ հայրն ու մայրը սորվեցուցած էին իրեն։ “Շատ կարեւոր է հաւատքի փոխանցումը մէկ սերունդէ միւսին։ Մեր նախնիներու սորվեցուցած աղօթքին եւ ապրած հոգեկանութեան մէջ թաքուն գանձ մը կայ, զոր կ’անուանենք ժողովրդական բարեպաշտութիւն։”

Իր պատգամի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը կը գրէ՝ “Սիրելի երիտասարդներ, մեր երթը դէպի Փանամա, ինչպէս նաեւ Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի պատրաստութեան աշխատանքը, կը վստահիմ Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական բարեխօսութեան։ Կը հրաւիրեմ ձեզ որ 2017 տարիէն յիշէք երկու կարեւոր դէպքեր՝ Պրազիլի Ափարեսիտայի Աստուածածնի գիւտի երրորդ դարադարձը եւ Ֆաթիմայի երեւումներուն հարիւրամեակը. յառաջիկայ Մայիս ամսոյն, ուխտագնացութիւն պիտի կատարեմ այնտեղ։ Սուրբ Մարթինօ Փորրես, Լատին Ամերիկայի եւ 2019ի Երիտասարդութեան Միջազգային Օրուան պաշտպան սուրբերէն մին, իր առօրեայ խոնարհ ծառայութեան մէջ սովորութիւն ունէր Մարիամի նուիրելու լաւագոյն ծաղիկները, իբր նշան իր որդիական սիրոյն։ Նաեւ դուք, անոր նման, մշակեցէք մտերմիկ յարաբերութիւն մը եւ բարեկամութիւն մը Աստուածածնի հետ, անոր վստահելով ձեր ուրախութիւնները, անհանգստութիւնները եւ մտահոգութիւնները։ Կ’ապահովցնեմ ձեզ, որ պիտի չզղջաք”։








All the contents on this site are copyrighted ©.