2017-03-20 08:35:00

Շուլց Պաշտօնապէս դարձած է Գերմանիոյ վարչապետի թեկնածու։


Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան արտահերթ համագումարի պատուիրակները քուէարկած են իրենց քաղաքական ուժի նախագահի պաշտօնին մէջ Եւրոպական խորհրդարանի նախկին ղեկավար Մարթին Շուլցի ընտրութեան օգտին:

Ան հաւաքած է 100 առ հարիւր ձայն, ինչ որ ցուցանիշ կը հանդիսանայ  կուսակցութեան ամբողջ պատմութեան մէջ: Շուլց փոխարինած է Զիկմար Կապրիէլը եւ պաշտօնապէս դարձած Գերմանիոյ վարչապետի թեկնածու եւ Անկելա Մերքելի գլխաւոր մրցակից:

Մարթին Շուլց Պերլինի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովի մը ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնած է, որ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւնը աստիճանաբար կը կազմաքանդուի:

«Բաց հասարակութեան վրայ ճնշումը անձնիշխանական ուժերու կողմէ, որոնք հետզհետէ կը շատնան ամէնուրեք աշխարհին մէջ, կը սաստկանայ: Անոնք կ՛ուզեն մեզի եւ հասարակութեան պարտադրել իրենց քաղաքականութիւնը, իրենց արժէքները, որոնք տրամագծօրէն հակառակն են մեր յառաջդիմական արժէքներուն: Անոնք հանդէս կու գան յանուն ազգային մեկուսացման, յանուն բաց հասարակութիւններու դէմ պայքարի: Անոնք աշխուժօրէն հանդէս կու գան յանուն բաժանման, կը կատարեն ընկերային, ազգայնական եւ կրօնական սահմանազատումներ, անոնք մարդիկը կը տրամադրեն իրարու դէմ:

«Այսպէս, լրագրողները առանց պատճառի կը կալանաւորեն եւ կը հարկադրեն լռել: Զանգուածային լրատուամիջոցներու ազատութիւնը բացայայտօրէն յարձակումի կ՛ենթարկուի: Այսպէս, ներկայիս Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւնը աստիճանաբար կը կազմաքանդուի», ըսած է Շուլց:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.