2017-03-18 13:35:00

Ոչ եւս է Կարդնալ Միլոսլավ Վլք. Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցագիրը


(Ռատիօ Վատիկան) Ոչ եւս է Փրակայի թեմին երբեմնի արքեպիսկոպոս` կարդինալ Միլսլավ Վլք։ Այս առիթով Ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցական հեռագիր յղեց Փրակայի թեմի առաջնորդ՝ կարդինալ Տոմինիք Տուքային, որուն մէջ իր աղօթքը ապահովեցուց ու իր հոգեւոր մօտիկութիւնը յայտնեց  թեմի հասարակութեան, որուն  հանգուցեալ ծիրանաւորը մեծ հաւատարմութեամբ  ծառայած էր։

Հեռագիրին մէջ Սրբազան Հայրը վեր առնելով ննջեցեալ կարդինալին առաքինութիւնները իր ցաւակցութիւնները յայտնեց նաեւ ծիրանաւորի հարազատներուն,  թեմի կղերին եւ բոլոր անոնց որոնք կ՛ողբան անոր մահը բոլորին շնորհելով մխիթարանքի առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.