2017-03-18 08:23:00

Զալքայի ՀԿՄ պատանեկան միութիւնը 15 տարեկան


(Ռատիօ Վատիկան) Այս տարի կը նշուի  2002-ին հիմնուած Լիբանանի` Զալքայի մասնաճիւղի Սուրբ Խաչ Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութեան Հայ Կաթողիկէ  պատանեկան միութեան 15 ամեակը, որուն առթիւ` միութեան խորհուրդի կազմը ծրագրած է շարք մը ձեռնարկներ, որոնց սկիզբ կը հանդիսանայ Մարտ 19-ին Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունենալիք ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳը, հանդիսապետութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Պէյրութի Թեմի Օգնական Եպիսկոպոս՝ Արհիապատիւ Տէր Գէորգ Ասատուրեանի:

Հ.Կ.Մ. պատանեկան Զալքա մասնաճիւղը հիմնուեցաւ 21 Մարտ 2002-ին, Լիբանանի Զալքա շրջանի, Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան մէջ, ձեռամբ միութեան հիմնադիր` Հայր Անդրանիկ վրդ. Կռանեանի եւ խումբ մը երիտասարդներո,ւ որոնց մաս կը կազմէին` Ընկեր Կարօ Քահվէճեան, Ընկեր Արամ Գարատաղլեան, Ընկերուհի Միրնա Մարգարեան, Ընկերուհի Զէփիւր Քէշիշեան, Ընկեր Արա Ռոպէն, Ընկեր Լեւոն Պանիքեան, Ընկերուհի Լարա Ուր‎ֆալեան եւ Ընկերուհի Շողիկ Փափազեան:

Հիմնադրութեան թուականէն մինչեւ օրս, միութեան հիմնական նպատակը եղած է կերտել ապագայ առողջ, ազգասէր, համայնքասէր, Հայ եւ քրիստոնեայ երիտասարդը:

Զալքայի Հ.Կ.Մ. պատանեկան միութիւնը կը բաղկանայ 4 աշխոյժ մարմիններէ` ջահակիրներու խումբը, որ կ’ընդգրկէ 4-էն 11 տարեկան երեխաները. պատանեկան խումբը որ կ’ընդգրկէ 12-էն 17 տարեկան պատանիները. դիւանը, որ կ’ընդգրկէ   զոյգ խումբերուն գնդապետներն ու վարիչները. եւ խորհուրդի կազմը, որ կը կառավարէ ընդհանուր խումբը: Հիմնադրութեան օրէն ի վեր միութեան հրամանատարութիւնը յաջորդաբար ստանցնեցին՝ Ընկեր Կարօ Քահվէճեան (2002-2009), Ընկեր Արամ Գարատաղլեան (2009-2013), Ընկեր Ներսէս Առոյեան (2013-2016), Ընկեր Գառնիկ Փանոսեան (2016-օրս)

Տարուան ընթացքին, Հ.Կ.Մ. Պատանեկան միութիւնը իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ բոլոր գործունէութիւններուն զանազան ձեւերով. խորանի սպասաւորութիւն, թափօրներու մասնակցութիւն, տօնական օրերու կազմակերպութիւն, ժամերգութիւն, հսկում… Միութիւնս կը կազմակերպէ նաեւ ընկերային, դաստիարակչական, ազգային, հոգեւոր եւ մշակութային զանազան ձեռնակներ:

Զալքայի Հ.Կ.Մ. պատանեկան միութիւնը նիւթապէս ինքնաբաւ միութիւն մըն է. ան իր տարեկան գործունէութիւններուն ծախսը կ’ապահովէ կազմակերպելով տարեկան մի քանի հասութաբեր ձեռնարկներ, որոնց իրենց նիւթական ներդրումը կը բերեն լիբանանահայ գաղութէն զանազան բարերարներ:

Միութիւնը իր աշխոյժ մասնակցութիւնը կը բերէ  նաեւ Հայ Կաթողիկէ համայնքին ու լիբանանահայ գաղութին բոլոր ձեռնարկներուն ինչպէս` Ապրիլ 24, Հայաստանի Անկախութեան օր, Քահանայական ձեռնադրութիւններ, ուխտի օրեր…

2012 թուականին, միութեան հիմնադրութեան տասնամեակին առիթով, եւ շնորհիւ միութեան նախկին հրամանատար՝ Ընկեր Արամ Գարատաղլեանի ջանքերուն, հիմնուեցաւ Հ.Կ.Մ.ի շեփորախումբը, որ իր հարուածային եւ փչողական բաժանմունքներով կը ճոխացնէ համայնքէն ներս տեղի ունեցած ձեռնարկներն ու միջոցարումները:

Ներկայիս` հրամանատարն է` ընկեր Գառնիկ Փանոսեանը: Միութեան մաս կը կազմեն նաեւ աւելի քան 85 անդամ , անդամուհիներ: Միութիւնը կը վայելէ նաեւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Գէորգ Հարպոյեան Վարժարանի աջակցութիւնը, որուն օգտակար կը դառնանք նաեւ մեր կարելիութիւններուն համացայն:

Այս տարի միութիւնը կը տօնէ իր հիմնադրութեան 15 ամեակը: Այս առիթով միութեան խորհուրդի կազմը ծրագրած է շարք մը ձեռնարկներ, որոնց սկիզբ կը հանդիսանայ Մարտ 19-ին Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունենալիք ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳը, հանդիսապետութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Պէյրութի Թեմի Օգնական Եպիսկոպոս՝ Արհիապատիւ Տէր Գէորգ Ասատուրեանի:








All the contents on this site are copyrighted ©.