2017-03-18 09:26:00

Արցախի բարբառով տեղադրուած է Քրիստոսի մկրտութեան Աստուածաշնչեան դրուագը


Իսրայէլի մէջ Յորդանան գետի ափին ուխտագնացութեան կեդրոնի պատերուն ի թիւս բազմաթիւ լեզուներու, տեղադրուած է  նաեւ Արցախի բարբառով Քրիստոսի մկրտութեան աստուածաշնչեան դրուագը:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ NEWS.am–ը,  Յորդանան գետի ափին, ուր Յովհաննէս Մկրտիչի կողմէ մկրտուած է Քրիստոս,  աշխարհի բազմաթիւ լեզուներու կողքին հայերէնը 4 տարբերակով  ներկայացուած է` արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն, գրաբար ու Արցախի բարբառով:

Նշենք, որ Մատթէոսի աւետարանին մէջ կը նշուի, որ Յիսուսը Նազարէթէն կու գայ Յորդանան գետ` մկրտուելու Յովհաննէս Մկրտիչի կողմէ:  «Երբ Յովհաննէս Մկրտիչը Յորդանան գետի մէջ կը մկրտէ Յիսուսը, Աստուծոյ ոգին իբրեւ աղաւնի կ՛իջնէ Յիսուսի վրայ: Եւ Ձայն եկաւ, որ կ՛ըսէր. «Դուն ես իմ սիրելի որդիս, որ ունիս իմ ամբողջ բարեհաճութիւնը»,–կը նշուի Մատթէոսի աւետարանին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.