2017-03-17 11:59:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Ապաշխարութեան առաքելական ատեանի դասընթացքին 700 մասնակցողներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 17 մարտի առաւօտեան 11.30-ին Սրբազան Քահանայապետը Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Ապաշխարութեան Առաքելական  ատեանի կողմէ կազմակերպուած դասընթացքին 700 մասնակցողներուն եւ այս առթիւ անոնց արտասանած խօսքին մէջ իր խնդակցութիւնը յայտնելով ներկաներուն նշեց թէ Առաքելական սոյն ատեանը իրեն կը թուի ըլլալ ''ողորմութեան ատեան''­,  որուն դիմում կը կատարուի ընդունելու համար մեր հոգւոյն խնամքին հարմար դեղը որ է` Աստուածային Ողորմութիւնը։

''Ձեր դասընթացքը կը սատարէ լաւ ''խոստովանահայրերու կազմաւորումին'' որ մեր օրերուն անհրաժեշտ է'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա խօսեցաւ բարի խոստովանահայրի երեք յատկութիւններու մասին։

Առաջին` ''Բարի խոստովանահայրը, ըլլալու է բարի Հովիւին իսկական բարեկամ։ Առանց այդ բարեկամութեան դժուար է զարգացնել հաշտութեան խորհուրդին հայող հայրութիւնը։ Յիսուսի բարեկամ ըլլալ կը նշանակէ նախ եւ առաջ աղօթել` ու Տիրոջմէ հայցել հովուական եղբայրսիրութեան շնորհքը, ինչպէս նաեւ յատուկ պարգեւը` լաւապէս կատարելու խոստովանահայրի պարտականութիւնը։

 

Ապաշխարութեան խորհուրդ մը պարուրուած աղօթքով կը դառնայ Աստուծոյ ողորմութեան հաւատալի ցոլացում, եւ աղօթքի դիմող խոստովանահայրը գիտակից է թէ ինք առաջին մեղաւորն է ու առաջինը որ ներում ստացած է, առ այդ աղօթքը առաջին երաշխիքն է խուսափելու համար խիստ վերաբերմունքէն հանդէպ ապաշխարողին։

Աղօթքի մէջ հարկաւոր է հայցել խցուած սրտի մը պարգեւը` որ կարողութիւնը ունի ուրիշին վէրքերը հասկնալու ու զանոնք խնամելու` բարի սամարացիի ողորմութեան իւղով։

Աղօթքի մէջ հարկաւոր է հայցել հեզութեան թանկագին պարգեւը որպէսզի միշտ աւելիով յստակ ըլլայ թէ ներումը Աստուածային ու ձրի պարգեւ մըն է, որուն մենք պարզ մատակարարողներ ենք, Յիսուսի կամքին համաձայն։

''Աղօթքի մէջ հայցելու ենք Սուրբ Հոգւոյն շնորհքը որ է զատորոշումի եւ գթութեան հոգի'' ըսաւ ապա Քահանայապետը ու անդրադարձաւ երկրորդ յատկութեան որ է` ըլլալ Սուրբ Հոգւոյն մարդ, զատորոշումի մարդ։

Խոստովանահայրը իր անձնական կամքը չի կատարեր եւ իր վարդապետութիւնը չի քարոզեր յարեց Նորին Սրբութիւնը նշելով թէ Ան կանչուած է կատարելու Միայն Աստուծոյ կամքը, Եկեղեցւոյ հետ ամբողջական հաղորդութեան մէջ, որպէս ծառայ։

''Զատորոշումը հնարաւորութիւն կ՛ընծայէ զանազանելու եւ շփոթութեան չմատնուելու, ան կը դաստիարակէ հայեացքն ու սիրտը, ազնիւ դարձնելու հոգին` հանդէպ անոր որ իր խիղճին սրբութիւնը կը բանայ մեր առջեւ, որպէսի ընդունի լոյս, անդորրութիւն եւ ողորմութիւն'' հաստատեց Սրբազան Պապը ու մատնանշելով  ''հոգեկան խանգարումներու'' զոհ դարձող անձերուն,   հարկաւոր նկատեց դիմել մարդկային գիտութիւններուն։

Երրորդ կէտը որուն վրայ շեշտեց Սրբազան Պապը այն է թէ խոստովանարանը վայր է աւետարանութեան։

''Չկայ` ողորմութեան Աստուծոյ հետ հանդիպումէն աւելի վաւերական աւետարանութիւն։ Հանդիպիլ ողորմութեան կը նշանակէ հանդիպիլ Աստուծոյ իսկական դիմագիծին, այնպէս ինչպէս մեզի զայն յայտնեց Յիսուս'', ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով թէ խոստովանարանը վայր է աւետարանութեան ու նաեւ կազմաւորումի, ուր խոստովանահայրը կանչուած է զղջացող մեղաւորին բացայայտելու թէ ի՞չն է անհրաժեշտը` հոգեւոր ուղեւորութեան  համար, եւ որո՞նք են կեանքի բարոյական հիմքերը... խոստովանահայրը արդարեւ կանչուած է երթալու չարին ու մեղքին արուարձանները`  կատարելու համար հովուական խնամակալութեան առաջնահերթ առաքելութիւնը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու ճառը աւարտեց ներկաներուն շնորհելով իր օրհնութիւնը ու մաղթելով որ անոնք մխրճուին Քրիստոսի հետ յարաբերութեան մէջ, կարող Սուրբ Հոգւոյն զատորոշումը ունենալու ու պատրաստ` աւետարանելու։

Աղօթեցէք միշտ այն եղբայրներու ու քոյրերուն համար որոնք կը մօտենան ապաշխարութեան խորհուրդին ու բարեհաճեցէք աղօթել նաեւ ինծի համար ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով խօսքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.