2017-03-17 10:00:00

Ռուսիա պատրաստ Է աջակցելու, եթէ Երեւան եւ Անգարա բանակցելու սկսին. Լաւրով


Ռուսիա պատրաստ է աջակցելու Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու ջանքերուն, եթէ անոնք բանակցելու սկսին, յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով եւ աւելցուցած, թէ Մոսկուայի համար ողջունելի է հայ-թրքական սահմանին բացումը:

Ըստ Tert.am-ի՝ Նախարարը «Regional Post. Caucasus» ամսագիրին տուած հարցազրոյցին մէջ նշած է, որ Ռուսիա կարեւոր դեր խաղացած է 2007-2009-ին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ծիրին մէջ, բայց աւելի ուշ, այդ կարգաւորման գործընթացը կանգ առած է:

«Սկզբունքօրէն կարեւոր է, որ կողմերը համաձայնելու եւ լուրջ ու պատասխանատու որոշումներ կայացնելու ունակութիւն դրսեւորեն: Վստահ եմ, որ Հայաստան եւ Թուրքիա ունակ են կարգաւորելու իրենց խնդիրները: Շատ բան կախուած է իրենցմէ: Քաղաքական գործիչներու որակը կ՛որոշուի ոչ միայն առարկայական դժուարութիւններու իրատես վերլուծութեան խորութեամբ, այլ նաեւ լաւատես ըլլալու ունակութեամբ, իրենց քաղաքացիներուն յոյսերը եւ ձգտումները իրականացնելու նպատակով: Երբ Երեւան եւ Անգարա նստին բանակցութիւններու սեղանի շուրջ, Ռուսիա պատրաստ է անոնց տրամադրելու ամէնէն աշխոյժ աջակցութիւնը»,- ըսած է ան:

Նախարարը նաեւ նշած է, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը պէտք չէ համարել գործընթաց մը, որ կրնայ վնաս հասցնել այլ պետութիւններու: «Ռուսիա չունի գաղտնի օրակարգ», ըսած է Լաւրով եւ աւելցուցած. «Վստահ ենք, որ ռուս-թրքական կապերը ամիսներ տեւած ճգնաժամէն դուրս բերելը պիտի նպաստէ տարածաշրջանի կայունութեան»,- եզրակացուցած է ան։








All the contents on this site are copyrighted ©.