2017-03-17 10:19:00

«Հայկական Գաթա» փառատօնը Ախալքալաքի մէջ


Սոյն թուականի Մարտ 22-ին` Մեծ Պահքի Միջինքի օրը, ժամը 15:00-ին Ախալքալաքի «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ արդէն աւանդական դարձած «Հայկական Գաթա» փառատօնը:

Փառատօնը պիտի սկսի հանդիսաւոր ժամերգութեամբ, ապա պիտի օրհնուին գաթաները, որմէ անմիջապէս յետոյ համերգային ծրագիրով հանդէս պիտի գայ Արարատեան Հայրապետական Թեմի «Ծաղկազարդ» համախումբը: Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ բակին մէջ պիտի կատարուի գաթաներու ցուցադրութիւն եւ համտես:

Ջաւախքի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդութիւն:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.