2017-03-16 08:54:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Քարփի կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 2 ապրիլ 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը միօրեայ հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ Իտալիոյ Հիւսիսային շրջանին մէջ գտնուող Քարփի քաղաք։

Նորին Սրբութիւնը Վատիկանի ուղղաթռիչքի կայանէն կը մեկնի առաւօտեան 8.15-ին ու մէկ ու կէս ժամ տեւող ճամբորդութեան աւարտին կը ժամանէ Քարփիի ''Տորանտօ Փիեթրի'' մարզադաշտ, ուր կը դիմաւորուի տեղական եկեղեցական ու քաղաքական իշխանութիւններու կողմէ ու անմիջապէս կ՛ուղղուի Քարփիի ''Նահատակներու Հրապարակ'' ուր նախատեսուած է Սուրբ պատարագի արարողութիւնը­, որուն կը յաջորդէ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ու Քարփիի Թեմի թեմական երեք կառոյցներու անկիւնաքարերու օրհնութիւնը, Սանդ Ակաթա Տի Քարփի ժողովրդապետութեան, Սանդ Անթոնիօ Ին Նովի հոգեւոր կրթութեան Կեդրոն ու Քարփիի ''Ողորմութեան միջնաբերդ''ը։

Նորին Սրբութիւնը ապա կը տեղափոխուի Քարփիի Թեմական Նորընծայարան ուր կէսօրուան ճաշը կը բաժնեկցի Մարզի եպիսկոպոսներուն, տարեց քահանաներուն, կղերական դասին ու նորընծաներուն հետ։

Ժամը 15-ին նախատեսուած է թեմական կղերին, կրօնաւորներուն ու նորընծաներուն հետ հանդիպում որուն աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կ՛այցելէ Միրանտոլայի աթոռանիստ եկեղեցին ու եկեղեցւոյ տարածքին հանդիպում կ՛ունենայ երկրաշարժի թիրախ դարձած բնակչութեան հետ ապա ծաղկեփունջ մը կը զետեղէ երկրաշարժի բոլոր զոհերու յիշատակին։

Հանդիպման աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ հրաժեշտ կ՛առնէ ներկաներէն ու Սան Ճաքոմօ Ռոնքոլէ ժողովրդապետութեան մօտակայքը գտնուող մարզադաշտի տարածքին ուղղաթիռ կը բարձրանայ ու վերադարձ կը կատարէ Վատիկան ուր ժամանումը նախատեսուած է երեկոյեան 7-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.