2017-03-16 14:32:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Նախագահ Աունի շնորհած ունկնդրութեան մասին՝ հաղորդագրութիւն


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 16 մարտ 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ունկնդրութիւն շնորհեց Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ՝ Միշել Աունին, որ ապա  նախագահը հանդիպում ունեցաւ  Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթռօ Փարոլինի  հետ, որուն կ՛ընկերանար  պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու բաժանմունքի քարտուղար՝ Գերապայածռ Փոլ Կալլակեր։

Հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ   հանդիպումը  կայացաւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ , որուն ընթացքին շեշտը դրուեցաւ  Սուրբ Աթոռի եւ Լիբանանի  միջեւ կայացած երկկողմանի բարի յարաբերութիւններու վրայ,  ընդգծելով ապա եկեղեցւոյ  պատմական եւ կառուցակարգային դերը Լիբանանեան կեանքէն ներս ։

Ապա երկուստեք գոհունակութեամբ արտայայտուեցան  Լիբանանի մէջ քաղաքական զանազան ուժերու նախագահական թափուր աթոռին լուծում գտնելու յանձնառումին ի տես , ապագայի համար մաղթանք յայտնելով  որ իրականացուի միշտ աւելի արդիւնաբեր համագործակցութիւն երկրի զանազան ցեղային ու կրօնային հասարակութիւններու անդամներուն միջեւ՝ ի  շահ հասարակաց բարիքի  եւ  ազգային զարգացումին։ 

Հանդիպումին ընթացքին   անդրադարձ կատարուած է  նաեւ Սուրիոյ իրավիճակին մասին ՝ յատուկէն կեդրոնանալով  միջազգային գետնի վրայ իրականացած  ջանքերուն՝  հակամարտութեան  քաղաքական լուծում գտնելու համար։  Բարձր արժեւորուեցաւ նաեւ Լիբանանի  ի գործ դրած ջանքերը  Սուրիացի գաղթականներու  հիւրընկալութեան գործընթացին մէջ եւ ի վերջոյ անդրադարձ կատարուեցաւ  շրջանային հարցերու շուրջ, կեդրոնանալով Լիբանանի ներքին կացութեան ՝վերջերս պատահած իրարանցումներուն , ինչպէս նաեւ միջին արեւելքի Քրիստոնեաներու ներկայ կացութեան ։








All the contents on this site are copyrighted ©.