2017-03-16 11:29:00

''Աղքատին նկատմամբ անտարբերութիւնը կաշառակերութիւն է'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Զգոյշ ըլլանք ընթանալու դէպի կաշառակերութեան տանող մեղքի ճանապարհին վրայէն'' այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին յորդորը, ներշնչուած օրուան Աւետարանէն ուր կը խօսուի  հարուստ մարդուն ու աղքատ Ղազարոսի առակի մասին։

Ակնարկելով օրուան ժամամուտին Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց Աստուծոյ վրայ վստահած մարդուն պտղաբերութիւնը ու ինքնիր ուժերուն վրայ` իշխանութեան ու հարստութեան վստահած մարդուն անպտղաբերութիւնը, նշելով թէ այդ մէկը վտանգաւոր ճանապարհ  է, ուր մարդը կարող է կորսնցնել ուղեցոյցը, ու ահա թէ ինչ  պատահեցաւ հարուստ մարդուն որ իր բոլոր կեանքը  վատնեց խնճոյքներ սարքելով ու անտեսելով իր տան դռան առջեւ կեցած աղքատը - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը - մատնանշելով թէ հարուստը լաւապէս տեղեակ էր թէ ո՞վ էր այդ աղքատը, կը ճանչնար նաեւ անոր անունը, սակայն անտարբերութիւն ցուցաբերած էր անոր նկատմամբ։ Ան մեղաւոր մըն էր, սակայն մեղքէն կարելի է ձերբազատուիլ եթէ Տիրոջմէ ներողութիւն խնդրենք, մինչ այդ հարուստին սիրտը զինք մղեց մահուան ճանապարհին վրայ, որտեղէն կարելի չէր ետ դառնալ։

Կեանքին մէջ կայ հանգրուան մը, սահման մը որմէ կարելի չէ ետ դառնալ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը,  պահն է երբ մեղքը կը դառնայ կաշառակերութիւն, հաստատեց Ան։

Անիծեալ է այն մարդը որ ինքնիր վրայ կը վստահի, շեշտեց Նորին Սրութիւնը հաստատելով թէ այդ անձը որ այս հիւանդութենէն վարակուած է դժուարաւ կը բուժուի ապա հրաւիրեց հարց տալ թէ ի՞նչ ձեւով ու ի՞նչ մտայնութեամբ կը վարուինք աղքատին, անօճախին ու մուրացկանին հետ եւ զգուշացուց անտարբերութեան զգացումէն, հուսկ քարոզի աւարտին հրաւիրեց հայցել Տիրոջ օգնութիւնը որպէսզի Ան քննէ մեր սիրտը։ ''Տ՛ես Տէր եթէ իմ ընթացքս սխալ է, եթէ ես կը գտնուիմ դէպի կաշառակերութիւն տանող սայթաքելի ճանապարհի վրայ, որտեղէն դիւրին չէ ետ դառնալ, եւ ինծի հասկցուր թէ ո՞րն է շիտակ ճանապարհը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.