2017-03-15 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը ''Aic'' ողորմութեան ընկերակցութեան 400րդ ամեակին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Վէնսան Տէ Փոլի կողմէ Ֆրանսայի Շաթիյոն քաղաքի մէջ հիմնուած ''Aic'' ողորմութեան միջազգային բարեգործական ընկերակցութեան 400րդ ամեակին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը յղած է ընկերակցութեան անդամներուն որոնք 12 – 15 մարտին, Շաթիյոնի մէջ կը նշեն իրենց  յոբելեանը որպէս բնաբան ունենալով ''400 տարիներ Սուրբ Վէնսանի հետ միասին, դէպի ապագայի ուղեւորութեամբ, մեր հասարակաց տան մէջ''։

Սրբազան Քահանայապետը վերոյիշեալ յոբելեանի նշման առումով իր խնդակցութիւնն ու հոգեւոր մօտիկութիւնը յայտնելէ ետք մաղթեց որ այդ բարեսիրական գեղեցիկ գործունէութիւնը շարունակէ  վաւերական վկայութիւն տալ Աստուծոյ ողորմութեան` աղքատներուն նկատմամբ եւ որ յոբելեանը ըլլայ առիթ` գոհութիւն մատուցելու Աստուծոյ պարգեւած բոլոր բարիքներուն համար։

Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց ընկերակցութեան հիմնադիր Սուրբ Վէնսանի առաքինութիւններուն  ու անոր հոգատար ու ծառայական աշխատանքին  ի սպաս աղքատներուն ու կարիքաւորներուն։

''Ան աղքատները կը նկատէր Յիսուս Քրիստոսի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի մարմնի` Եկեղեցւոյ  տառապող անդամները, որոնք իրենց կարգին եւս կանչուած են կառուցելու Եկեղեցին''­, գրեց Քահանայապետը ու քաջալերեց ընկերակցութեան բոլոր անդամները հետեւելու իրենց հիմնադիրի օրինակին, վստահելով Աստուծոյ նախախնամութեան` որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ Աստուծոյ սէրը մարդկութեան նկատմամբ։

''Աղքատութիւնները տեսնելու համար ու անոնց մօտիկ գտնուելու համար բաւարար չէ բարձր իտէալներու հետեւիլ այլ հարկաւոր է ապրիլ մարդեղութեան խորհուրդը` որով Աստուած կը խոնարհի ու մարդ կը դառնայ, ապրելով մեր մէջ ու մեռնելով մեր փրկութեան համար'' դիտել տուաւ Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց Ողորմութեան Սուրբ Տարւոյն  ու ընդգծեց թէ Եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը կը բացայայտուի ողորմած սիրոյ ճանապարհի միջոցաւ ու յոյս ներշնչող գթութեամբ։

''Այս հեղինակութիւնը ապա ի յայտ կու գայ նաեւ ձեր անձնական վկայութեան միջոցաւ, որ չի նշանակեր միայն հանդիպիլ Քրիստոսին աղքատներուն մէջ այլեւ որ աղքատները Քրիստոսը նշմարեն ձեր ու ձեր գործունէութիւններուն մէջ'' գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ հաստատելով թէ  ''Որքանով որ արմատացած ըլլաք Քրիստոսի հետ անձնական փորձառութեամբ, այնքանով կարող էք սատարել ողորմութեան մշակոյթին­, որ կը վերանորոգէ սրտերը ու նոր իրականութիւն մը կը ստեղծէ''։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց  ընկերակցութեան բոլոր անդամները յանձնելով Սուրբ կոյս Մարիամի հովանիին եւ Սուրբ Վէնսան Տէ Փոլի բարեխօսութեան, ապա բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնները ու խնդրեց որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։  








All the contents on this site are copyrighted ©.