2017-03-15 09:56:00

Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատավարութիւնը վերսկսած է


Պոլսոյ «Չաղլայեան» արդարադատութեան պալատին մէջ սկսած է պոլսահայ լրագրող, «Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատական նոր նիստերու շարքը: Այս մասին կը հաղորդէ պոլսահայ «Ակօս» թերթը։

Նոր նստաշրջանին, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Մարտ 17, պիտի հարցաքննուին Թուրքիոյ ներքին գործոց նախկին նախարար եւ Տինքի սպանութեան օրերուն Պոլսոյ  նահանգապետի պաշտօնը վարած Մուամմեր Կիւլերը, նախկին ոստիկանապետներ Հանեֆի Աւճըն ու Ռեչեփ Կիվենը, նախկին փոխոստիկանապետներ Հաքան Այտըն Թիւրքելին ու Էմին Արսլանը, Տինքի սպանութեան օրերուն Տրապիզոնի նահանգապետի պաշտօնը վարած Հիւսէյն Եաւուզտեմիրը, Պոլսոյ ոստիկանութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գրասենեակի նախկին ղեկավար Սելիմ Քութքան եւ ուրիշներ:

Առաջին նիստի մեկնարկէն առաջ, դատարանին առջեւ դարձեալ հաւաքուած էին «Հրանդ Տինքի ընկերներ» նախաձեռնութեան անդամները ու պարզած էին՝ «Յանուն Հրանդի, յանուն արդարութեան» գրութեամբ պաստառներ:

Յիշեցնենք, որ Հրանդ Տինք սպաննուած էր 2007 Յունուար 19-ին, Պոլսոյ Շիշլի թաղամասին մէջ գտնուող «Ակօս» թերթի խմբագրատան առջեւ, 16-ամեայ թուրք ազգայնամոլի մը փամփուշտներով: Տինքի սպանութեան վերաբերեալ դատավարութիւնը զանազան պատրուակներով կը ձգձգուի 10 տարիներէ ի վեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.