2017-03-15 09:50:00

Աւստրիա եւս կ՛արգիլէ Թուրք գործիչներու քարոզարշաւը իր տարածքին մէջ


Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Աւստրիա եւս մտադիր է արգիլել թուրք քաղաքական գործիչներուն սահմանադրական հանրաքուէի քարոզարշաւի ծիրին մէջ ելոյթներ ունենալ իր տարածքին մէջ:

Աւստրիոյ վարչապետ Քրիսթիան Քեռն յայտարարած է, որ եթէ թուրք նախարարները ուզեն քարոզարշաւ իրականացնել Աւստրիոյ տարածքին մէջ, ապա իրենք ջանքեր պիտի գործադրեն զայն կանխարգիլելու ուղղութեամբ: «Հասարակութեան անվտանգութեան համար պիտի աշխատիմ կանխարգիլել այդպիսի նախաձեռնութիւն», յայտարարած է վարչապետը:

Նախապէս նոյնպիսի որոշումներ տուած էին Գերմանիան, Զուիցերիան, Հոլանտան եւ Դանիան:








All the contents on this site are copyrighted ©.