
Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաք այսօր ազատ արձակուեցաւ: Այս մասին լուրը
փոխանցեց եգիպտական «Ալ եոմ ալ սապէհ» կայքը: Աղբիւրը նշեց, որ Գահիրէի արեւելեան շրջանի
դատական ատեանը Մուպարաքը ազատ արձակելու վերաբերեալ վճիռ արձակած է: Կը նշուի նաեւ,
որ դատարանի գլխաւոր դատախազ Իպրահիմ Սալէհ այս որոշումը ընդունած է հիմնուելով Մուպարաքի
դատապաշտպան Ֆարիտ Տիպի մէկ տարի առաջ ներկայացուցած դիմումին: Հրապարակուած վճիռին մէջ
կը նշուի նաեւ, որ Մուպարաքի դէմ յարուցուած բոլոր դատական մեղադրանքները բաւարարուած
պիտի համարուին, անոր 3 տարի բանտարկութեամբ: Մուպարաք կը մեղադրուէր 2011 թուականին
իր դէմ եղած ցոյցերու ընթացքին տասնեակ քաղաքացիներու սպաննութիւնը «կազմակերպած» ըլլալու
ծանր մեղադրանքով:
Շուրջ մէկ միլիոն քաղաքացիներու օրեր տեւած ցոյցերուն եւ բանեցուցած ճնշումներուն
հետեւանքով 30 տարի երկիրը առաջնորդած Մոհամմատ Հիւսնի Մուպարաք 11 փետրուար 2011-ին
հեռացած էր պաշտօնէն , երկրի ղեկը յանձնելով Եգիպտոսի այդ ժամանակուայ գաղտնի սպասարկութեան
գլխաւոր պետ Օմար Սլէյմանին: Ան աւելի ուշ յայտարարութիւն մը կատարելով ըսած էր, որ իր
պաշտօնէն հրաժարելու հիմնական պատճառը ներքին արիւնահոսութեան առիթ չտալն էր: Նշենք,
որ «25 յունուարի դէպքեր» անունով ճանչցուած դէպքերուն ընթացքին զոհուած են 302 անձեր: