2017-03-13 10:15:00

Այսօր կը նշուի Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետ ընտրութեան չորրորդ տարեդարձը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 13 Մարտ 2017-ին կը նշուի Եորկէ Մարիօ Պերկոլիօ` Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետ ընտրութեան չորրորդ տարեդարձը։

Եորկէ Մարիօ Պերկոլիօ`   ծնած է Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսի մէջ` 17 դեկտեմբեր 1936-ին։ 11 Մարտ 1958-ին կ՛անդամակցի Յիսուսեան միաբանութեան։ 13 Դեկտեմբեր 1969-ին Քահանայ կը ձեռնադրուի։ 27 Յունիս 1992-ին աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ կը ստանայ եպիսկոպոսական օծումը։ 28 Փետրուար 1998-ին կը դառնայ Պուէնըս Այրէսի Արքեպիսկոպոս։ 2001-ին կ՛ընդունի Կարդինալական աստիճանը ու Քահանայապետ կ՛ընտրուի 13 մարտ 2013-ին։

Ան Ֆրանչիսկոս անունը ընտրած է ներշնչուելով Ասսիզացիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի տիպարէն ու իր առաջին ելոյթներուն մէջ յայտնած է, ու այդ ուղեւորութեամբ գործած, թէ ինք կ՛ուզէ աղքատներուն համար աղքատ եկեղեցի մը։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաջին Յիսուսեան Քահանայապետն է, առաջինն է որ ընտրուած է Լատին Ամերիկայէն։ Առաջինն է որ կը կրէ Ֆրանչիսկոս անունը։

13 մարտ 2017-ին կարդինալական դասը զինք ընտրեց Ս. Պետրոսի 265-րդ յաջորդ, իր նախորդին` Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետին Պետրոսի Գահէն պատմական հրաժարումէն մէկ ամիս ետք։

Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներուն արտասանած իր առաջին խօսքին մէջ Ան նշեց թէ այժմ կը սկսինք նոր ընթացք մը ''Եպիսկոպոս ու ժողովուրդ։ Հռոմի եկեղեցւոյ ուղեւորութիւնը. Եղբայրութեան, սիրոյ ու մեր միջեւ վստահութեան ուղեւորութիւնը։ Աղօթենք միշտ մէկը միւսին համար''։

Այս չորս տարիներու ընթացքին Սուրբ Պետրոսի յաջորդին գործունէութիւնը յատկանշուեցաւ աննախընթաց գործելաոճով, յորդորներով, յանձնառութիւններով ու արարքներով, որոնք իւրաքանչիւր հաւատացեալին ու նաեւ ոչ հաւատացեալին սրտին խօսեցան։ Ան ցնցեց համաշխարհային հանրային կարծիքը, չվարանեցաւ հրապարակաւ քննադատելու Եկեղեցւոյ որոշ սխալ ընթացքը։ Հրաւիրեց քահանաները իրենց գրասենեակներէն դուրս գալու եւ երթալու դէպի ժողովուրդը։ Իր խոնարհութեամբ, աղքատասիրութեամբ, ողորմածութեան ու գթասրտութեան կոչերով գրաւեց սիրտերը։

Աշխարհի ծայրամասէն եկած քահանայապետ Ֆրանչիսկոս, չորս տարիներ առաջ, Սուրբ Պետրոսի պատշգամէն կը յայտնուէր աշխարհին ու իր արտասանած առաջին խօսքերով ու շարժուձեւերով կը բացայայտեր նորութիւնը, ու նորութենէն աւելի վերանորոգումը` որ ինք ուզեց ի գործ դնել եկեղեցական կառոյցներու բարեկարգումով ու մանաւանդ սրտերու վերանորոգումով։

Խաղաղութիւն, եղբայրութիւն, արդարութիւն, երկխօսութիւն, ճշմարտութիւն, ներողամտութիւն ու ողորմութիւն, բառեր են որ Ան միշտ կը կրկնէ ի սպաս աւելի լաւ ու աւելի եղբայրական աշխարհի մը, դատապարտելով բռնութիւններն ու չարաշահումները, յատկապէս անոնք որոնք կը գործուին կրօնի անունով։

''Աղօթեցէք ինծի համար'' եղաւ ու կը շարունակէ ըլլալ անոր կարգախօսը, աղօթեցէք որպէսզի լաւապէս կատարեմ իմ պաշտօնս, ես` որ անիրաւ ծառայ մըն եմ ու սպասաւոր Աստուծոյ այգիին մէջ։

Եկէք այսօր եւս, ընդառաջենք Ֆրանչիսկոս Պապին  այդ խնդրանքին, ու պահ մը ամփոփուելով գոհաբանութեան աղօթք բարձրացնենք առ Աստուած խնդրելով որ երկար կեանք, առողջութիւն, ուժ, քաջութիւն ու իմաստութիւն պարգեւէ մեր շատ սիրելի Ֆրանչիսկոս Պապին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.