Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն:
Իր արտասանած քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը ողջունեց կառավարութեան կատարած ապահովական կառոյցներու պետերուն նշանակումները` մաղթելով, որ անոնք շարունակուին եւ ամբողջացուին պետական հաստատութիւններուն մէջ կատարուելիք բոլոր նշանակումներով:
Ռայի պատրիարքը յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը կարենայ մշակել ընտրական օրէնք մը, որ հիմնուած է հաւասարութեան եւ արդար ու ճշգրիտ ներկայացուցչութեան վրայ:
Անդրադառնալով 2017-ի պետական ամավարկին` Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ այդ ամավարկը ֆինանսաւորուի մսխումէ տառապող պետական գանձարկղին ճամբով եւ ոչ թէ քաղաքացիներուն վրայ պարտադրուելիք տուրքերով:
All the contents on this site are copyrighted ©. |