2017-03-11 09:09:00

Մայր Աթոռը կոչ կ՛ընէ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին խոհեմութիւն դրսեւորելու։


ԷՋՄԻԱԾԻՆ.- Մարտի 7-9ն, նախագահութեամբ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ գումարուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նիստերուն ընթացքին անդրադարձ կատարուած է ազգային կեանքին վերաբերող զանազան հարցերու, որոնց շարքին նաեւ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգէն կը տեղեկացնենք, որ ընտրութիւններուն առնչութեամբ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը հանդէս եկած է հետեւեալ յայտարարութեամբ.

«Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցու տօնակարգով Մեծ պահքի խորհրդաշատ եւ աղօթական օրեր է ապրում աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը, ինքնաքննութեան, զղջումի եւ ապաշխարութեան մի շրջան: Պահոց այս շրջանի ընթացքում՝ Ապրիլի 2ին, որը նաեւ նուիրական օր է մեր ժողովրդի համար ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի մեր նահատակ զաւակների լոյս յիշատակով, տեղի են ունենալու ՀՀ Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւնները. կարեւոր իրադարձութիւն ազգային մեր կեանքում, շրջադարձային հանգրուան հայոց պետականաշինութեան մէջ: Առաջիկայ ընտրութիւններն առանձնակի նշանակութիւն ունեն մեր հայրենիքի համար՝ հունաւորելով անցումը նոր, խորհրդարանական կառավարման ձեւին եւ պայմանաւորելով նաեւ Մայր Հայաստանի յետագայ զարգացումը:

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը դիմում է մեր եկեղեցու զաւակներին եւ ՀՀ բոլոր քաղաքացիներին՝ մասնակցելու ընտրութիւններին հայրենիքի եւ մեր ժողովրդի ապագայի նկատմամբ պատասխանատուութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ: Կոչ ենք անում քուէարկել խղճի մտօք, առկայ քաղաքական տարակարծութիւնների մէջ տեղի չտալ յուզումների, առաւել եւս՝ անհանդուրժողականութեան եւ հակառակութիւնների:

Յորդորում ենք բոլոր քաղաքական ուժերին եւ առաջադրուած թեկնածուներին նախընտրական եւ ընտրական գործընթացներում դրսեւորել խոհեմութեան, զսպ-ուածութեան եւ փոխադարձ յարգանքի ոգի՝ բարի աւարտի հասցնելու ԱԺ ընտրութիւնները եւ մեր հայրենական կեանքը միասնաբար առաջնորդելու հայրենաշէն աստուածահաճոյ ճանապարհներով: Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցին ողջունում է բոլոր այն ազնիւ ազգանուէր նախաձեռնութիւններն ու ձգտումները, որոնք ուղղուած են մեր ժողովրդի բարօրութեանն ու առաջընթացին, հայրենիքի խաղաղութեանը, զօրացմանն ու ապահովութեանը»:








All the contents on this site are copyrighted ©.