2017-03-10 12:22:00

Ֆրանչիսկոս Պապ 100 հազար Եւրօ նուիրեց Հալէպի աղքատներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի փոխ տնօրէնի յայտարարութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ, ուրբաթ 10 Մարտի առաւօտեան աւարտելէ ետք Արիչչայի մէջ կայացած Հոգեւոր կրթութիւնը­, Վատիկան վերադարձաւ առաւօտեան 11.30-ին, մինչ առաւօտեան պատարագը մատոյց Սուրիոյ համար եւ այս առընչութեամբ Հալէպի աղքատներուն ուղարկեց 100 հազար եւրօ, շնորհիւ Հռոմի Քուրիայի անդամներուն կատարած դրամահաւաքին։

Իսկ ուրբաթ 10 Մարտի երեկոյեան 5-ին, Նորին Սրբութիւնը Հռոմի Թեմի առաջնորդարանը պիտի այցելէ, առանձնական հանդիպում ունենալու թեմին հովուական խնամակալութեան պատասխանատուներուն հետ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.