2017-03-10 08:07:00

Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան ''Ծոմապահութիւնը միայն նիւթական չէ այլեւ հոգեւոր''։


(Ռատիօ Վատիկան) Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան` Սուրբ Զատկուայ տօնը կանխող քառասուն օրերը կը կոչուին քառասնորդաց կամ Մեծ Պահքի շրջան, որուն ընթացին հաւատացեալները հրաւիրուած են  հետեւելու Յիսուսի օրինակին ու քառասուն օրեր ամբողջ պահեցողութիւն, աղօթք ու ողորմութեան ներգործութիւններ կատարելու։

''Պահեցողութիւն որ լոկ ուտեստեղէնէ կամ խմիչքէ զրկում չէ, այլեւ կը հայի հոգեկան աշխարհին'' ըսաւ Գերապայծառ Միքայէլ Մուրատեան` Միացեալն Նահանգներու ու Քանատայի Տիրայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմին առաջնորդը ռատիովատիկանի հայկական բաժնի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.