2017-03-10 10:23:00

Գերապայծառ Թոմազիի այցելութիւնը Միջին Արեւելքէն փախուստ տուող գաղթականներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Վերջերս,Ամերիկացի Կարդինալ ՝ Ռոժեր  Մահոնի  եւ Գերապյածռա Սիլվանօ Թոմազի,  10 օրերու տեւողութեամբ, առաքելական հովուական այելութիւն կատարեցին Յորդանան, Լիբանան, Իրաք, եւ Յունաստան, հանդիպելով այս երկիրներուն մէջ ապաստան գտած գաղթականներուն, անոնց  ցուցաբերելու համար Ֆրանչիսկոս Պապին եւ եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը.

Հռոմ վերադարձին, երկու բարձրաստիճան եկեղեցականները , Վատիկանի Մարդկային համապարփակ զարգացման ծառայութեան , գաղթականներու եւ թափառաշրջիկներուն բաժանմունքին գրասենեակին մէջ տեղի ունեցող մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին  վկայութիւններ տուին  յիշեալ առաքելական ճամբորդութեան մասին, որակելով զայն որպէս մարդկային հանդիպումի  ուխտագնացութիւն ՝Սուրիացի գաղթականներուն հետ,  ու յատկապէս Իրաքի  Նինւէ քաղաքի քրիստոնեաներուն հետ։

Վատիկանի վերոնշեալ պատուիրակները խօսելով գաղթականներու հետ իրենց ապրած փորձառութեան  մասին, ի յայտ դրին երկու կարեւոր կէտեր։

Առաջին ՝  սխալ քաղաքականութենէ յառաջացած մարդկային տագնապի հետեւանքները.  քաղաքականութիւն մը  որ   հարցերու լուծումը կը  գտնէ պատերազմներու  եւ բռնութիւններու մէջ,  որոնք կը պատճառեն անսահման ցաւ ու տառապանք

Երկրորդ՝ թէ գաղթականութեան  բացասական երեւոյթին հանդերձ,  կան նաեւ վեհանձն  հոգիով անհատներ, որոնք պատրաստ են օգնութեան հասնելու եւ իրենց լաւագոյնը շնորհելու իրենց եղբայր գաղթականներուն , որպէսզի անոնք կարենան նուազ դժուարութեամբ ապրիլ իրենց կեանքը.

Սուրիոյ, Իրաքի , Յորդանանի եւ Յունաստանի գաղթավայրերու մէջ Վատիկանի մատակարարած օգնութիւնները եղան ի նպաստ բոլորին անխտիր՝ ըլլան անոնք Քրիստոնեայ , մահմետական, Սիւննի Շիի , Եազիտ  ըսաւ  Գերապայծառ Թոմազի յայտնելով, թէ բոլորն ալ իրենց երափտագիտութիւնը յայտնեցին Սրբազան Քահանայապետին,  Ան  ապա  անդրադարձաւ վերջերս Ամերիկայի եւ  Եւրոպայի մէջ պատնէշներու կառուցման երեւոյթին, եւ այս առնչութեամբ յարեց,  թէ  Վատիկանեան պատուիրակութեան Միջին արեւելքի գաղթականներու  տուած այցելութիւնը  յոյսի պատգամ է , յորդորելով ,  որ պէտք չէ վախնալ մեր տառապող եղբայրնէրէն, այլ պէտք՝ է  փնտռել  գաղթականութեան  հարցերուն  արմատները ու ընդգծեց թէ Եւրոպական Միութիւնը, Միացեալ Նահանգները  եւ այլ երկիրներ հարիւրաւոր  միլոն ամերիկեան տոլարներով մարդկային օգնութիւն տրամադրած են գաղթականներուն։

Գերապայծառ Թոմազի  իր  ելոյթը աւարտեց ըսելով որ փոխանակ մարդկային օգնութիւն տրամադրելու՝  սխալ քաղաքականնութիւններու հետեւանքներուն  դարման գտնելու  համար, աւելի հնարաւոր  է խոհեմ կերպով օգտագործել քաղաքականութիւնը՝ սխալ որոշումներ չառնելու համար, որոնք բռնութիւնը կ՝օգտագործեն որպէս հարցերու լուծում։








All the contents on this site are copyrighted ©.