2017-03-09 09:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին գերմանական ''Die Zeit'' շաբաթաթերթին հետ հարցազրոյցը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որ անցեալ 5 մարտէն մինչեւ յառաջիկայ 10 մարտ. կը գտնուի Հռոմի մօտակայքը գտնուող Արիչչա գիւղաքաղաքին մէջ, ուր իր համագործակիցներուն հետ միասին կը հետեւի քառասնորդացի Հոգեւոր Կրթութեան։

Ան վերջերս հանդիպում ունեցած է  ու զրուցած է գերմանական ''Die Zeit'' շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր` Տիար Ճովաննի Տի Լորենցոյի հետ, ու այդ հարցազրոյցի պարունակութիւնը լոյս տեսաւ այս օրերուն։

Մեկնելով այն իրողութենէն թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 80ական թուականներուն ապրած է Ֆրանքֆորդի մէջ Ռոմանօ Կուարտինիի մասին իր ուսումնասիրական աշխատանքը աւարտելու համար.  ''Die Zeit'' շաբաթաթերթի լրագրողն ու Նորին Սրբութիւնը անդրադարձած են այդ օրերուն պատահած մէկ դրուագի մասին ապա մատնանշած են Եկեղեցին յուզող կարեւոր մէկ հարցի` այն է Քահանաներու ու քահանայական կոչումներու պակասը։

Այս առընչութեամբ Սրբազան Քահանայապետը յայտնած է թէ ասիկա խրթին հարց է ու թէ հարկաւոր է յարատեւ աղօթել այս դիտաւորութեամբ, հուսկ աշխատանք տանիլ երիտասարդներուն հետ, որոնցմէ շատերը ''աւելորդացներ'' կը նկատուին ընկերութենէն։

Նորին Սրբութիւնը  ակնարկած է թէ կոչումի պակասը կախեալ է նաեւ ծնունդներու պակասէն. ''Եթէ մանուկներ չեն ծնիր ու չկան երիտասարդներ, քահանաներն ալ կը պակսին'' ըսած է Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով թէ այս նիւթը պիտի քննարկուի նաեւ Երիտասարդներուն նուիրուած յառաջիկայ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի ընթացքին։

Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դրած է Քահանայական կոչումի ձգտող երիտասարդներու կազմաւորումի կարեւորութեան վրայ, ընդգծելով թէ ինչպէս բազմաթիւ երիտասարդներ Քահանայ կը դառնան առանց համոզումի ու քահանայական կոչումի, ու թէ ասոնք դժբախտաբար կարող են եկեղեցւոյ դիմագիծը խեղաթիւրել։

Ֆրանչիսկոս Պապ  խօսած է նաեւ հաւատքի տագնապի մասին հաստատելով թէ կեանքի մէջ կարելի չէ ապրիլ առանց տագնապի ու թէ հաւատքի տագնապը եւս մաս կը կազմէ կեանքին։ Պետրոս եւս ապրեցաւ այդ տագնապը երբ երեք անգամ ուրացաւ իր Վարդապետը, սակայն ան դարձաւ Եկեղեցւոյ առաջին Քահանայապետը, ըսած է Նորին Սրբութիւնը ժպտալով, ու նշած է թէ հաւատք մը որ տագնապի մէջ չի մտներ կը մնայ մանկական ու չափահաս չի դառնար։

''Ես ալ խաւար պահեր կ՛ունենամ ու այդ պահերուն կը դիմեմ Տիրոջ, որովհետեւ գիտեմ թէ մեղաւոր մըն եմ ու Տէրը մեղաւորներու Տէրն է'' ըսած է  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով թէ ''մարդը ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին համաձայն ու թէ բնականօրէն բարի է, թէեւ մարդս տկար ալ է եւ ասոր համար փորձութեան մէջ ինկաւ ու անոր բարութիւնը վիրաւորուեցաւ''։

''Ադամ արդարեւ տկար գտնուեցաւ, չար չէր, փորձուեցաւ սատանայէն։  Կայէնն է որ մղուած նախանձէն` չարը գործեց. Ու նախանձի չարութիւնը պատճառ է պատերազմներու'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւիրեց միշտ աղօթքի դիմել ու աղօթել բարի դիտաւորութիւններու համար, այնպէս ինչպէս ըրած է Յիսուս` իր աշակերտներուն համար, երբ իր Հօր աղօթեց որպէսզի զանոնք պահպանէ աշխարհիկ հոգիէն`սնապարծութենէն ու տիրապետելու իշխանութենէն։ Հարկաւոր է աղօթել աշխարհը կառուցող իրականութիւններու համար` որոնք եղբայրութիւն ու խաղաղութիւն կը պարգեւեն։

Շատեր, ըսաւ Սրբազան Պապը, իրենք զիրենք Քրիստոնեայ կը կոչեն որպէսզի իրենց հարցերը լուծեն, ասիկա կրօնական հիւանդութիւն է, ու երբ կը տեսնեմ թէ Եկեղեցին, Սուրբ Մայր եկեղեցին, իմ Մայրս ու իմ Հարսս, աւետարանի հաւատարմութեան վկայութիւն չտար, այս մէկը ինծի մեծ ցաւ կը պատճառէ։

Քահանայապետը հուսկ դատապարտած է ''ժողովրդապաշտ'' շարժումը ու վեր առած է Եւրոպայի մեծ կառավարիչներու եղբայրութեան իտէալները, ապա վերահաստատած է թէ կ՛ապրինք երրորդ համաշխարհային մաս մաս կատարուող պատերազմի մէջ, ակնարկելով զանազան երկիրներու մէջ տեղի ունեցած հակամարտութիւններուն։ 

Խօսելով ապա իր դէմ կատարուած ''յարձակումներու'' մասին Սրբազան Քահանայապետ յայտնած է թէ այն օրէն երբ Քահանայապետ ընտրուեցաւ շարունակեց ապրիլ ներքին անդորրութեամբ։ ''Կը հասկնամ ըսաւ Ան թէ շատ մը բաներ բոլորին հաճելի չեն ու կ՛արդարացնեմ անոնց մարդկային վերաբերմունքը'' ու ակնարկելով Հռոմի պատերու վրայ Քահանայապետի դէմ գրութիւններով յայտնաբերուած պաստառներուն, Սրբազան Հայրը ըսաւ թէ այդ գրութիւնները եւս իրենց մէջ գեղեցկութիւն մը ունէին ու գրուած էին Հռոմէական բարձր մակարդակի բարբառով։

Հարցազրոյցի վերջին հատուածին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ առաքելական ճամբորդութիւններու մասին­, յայտնելով թէ դժբախտաբար պիտի չկարենայ այս տարի Գերմանիան այցելել այնպէս ինչպէս կարելի չէ այցելել Ռուսաստանը առանց Ուքրանիային։ Ան ապա նշեց թէ ամենայն հաւանութեամբ Հարաւային Սուտան պիտի երթայ ինչպէս նաեւ պիտի այցելէ Հնդկաստանն ու Քոլոմպիան ու նաեւ Փորթուկալը։ Ապա կայ դէպի Եգիպտոս առաքելական ճամբորդութեան մը յայտագրի քննարկումը` ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու զրոյցի աւարտին լրագրողէն խնդրեց որ աղօթէ իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.