2017-03-09 09:24:00

Մարոնի եպիսկոպոսները կոչ ուղղեցին արագացնելու ընտրական նոր օրէնքի մը վաւերացումը


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ խորհուրդը նշեց, որ պահանջուած է արագացնել ընտրական նոր օրէնքի մը վաւերացումը` կանխարգիլելու համար խորհրդարանին թափուր դրութիւնը:

Մարոնի եպիսկոպոսները անդրադարձան նաեւ պետական ամավարկը վաւերացնելու նպատակով կառավարութեան նիստերուն եւ քննարկումներուն` զգուշացնելով քաղաքացիներուն վրայ յաւելեալ տուրքեր պարտադրելու վտանգէն:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց քաջալերելու ներդրումները եւ երաշխաւորելու տնտեսական իրավիճակը` կարգաւորելով տուրքերու համակարգը, ինչպէս նաեւ վերջ տալով մսխումին եւ փտածութեան:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը խստիւ դատապարտեց պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին դէպքերը` ընդգծելով, որ գաղթակայանին մէջ արձանագրուած ապահովական ապակայունութիւնը Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւն է:

Մարոնի եպիսկոպոսները իրենց շնորհաւորութիւնները փոխանցեցին կիներուն եւ ուսուցիչներուն` անոնց տօներուն առիթով:








All the contents on this site are copyrighted ©.