2017-03-09 09:21:00

Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ միջեւ դիւանագիտական ճգնաժամը կը սրի


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ միջեւ դիւանագիտական ճգնաժամը փոխանակ մեղմանալու՝ աւելի ծանրակշիռ հանգամանք կը ստանայ։ Արդարեւ, Թուրքիոյ իշխանութեան ներկայացուցիչները Մարտ 7ին շարունակեցին ծանր քննադատութիւններով պախարակել Գերմանիոյ վարչակազմի կարգադրութիւնները՝ այդ երկրի սահմաններէն ներս քարոզչական հանրահաւաքները արգիլելու գծով։

Նախագահ Էրտողանէն ետք, այժմ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու, Գերմանիոյ իշխանութիւններուն որոշումը նմանցուց նացիական գործելակերպի։ «Իսկակա՛ն բռնապետական համակարգ է», յայտարարեց ան։

Չաւուշօղլուի զայրոյթին պատճառը այն իրողութիւնն է, որ իրեն եւս արգիլուեցաւ Համպուրկի մէջ Գերմանիոյ թուրք քաղաքացիներուն համար սահմանադրական փոփոխութիւններու ծրագիրին ի նպաստ հանրահաւաք մը իրականացնել։

Չաւուշօղլու ստիպուեցաւ սահմանափակ թիւով թուրքերու առջեւ ելոյթ ունենալ, Համպուրկի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանի պարտէզին մէջ, եւ կրակ ժայթքեց Գերմանիոյ հասցէին։ «Դժբախտաբար, Գերմանիա պարբերաբար ցոյց կու տայ Թուրքիոյ դէմ թշնամութիւն։ Նաեւ, Գերմանիոյ մէջ ապրող թուրք հայրենակիցներուն դէմ պարբերաբար կ՛արձանագրուին ճնշումներ, որոնք անընդունելի արարքներ են։ Եթէ բարեկամ ենք, այսպիսի քայլեր ներհակ կը մնան բարեկամութեան, վայել չեն երկկողմանի յարաբերութիւններուն», ըսաւ նախարարը։

Չաւուշօղլու երկար խօսեցաւ Համպուրկի մէջ քարոզարշաւ կազմակերպելու արգելքներուն մասին եւ նշեց, որ պանդոկի մը սրահին մէջ հաւաք կազմակերպելու շուրջ համաձայնութիւն ձեռք բերուած էր, սակայն անոր վրայ եւս արգելք դրուած է եւ չէ արտօնուած որեւէ այլ սրահի մէջ հաւաք կայացնել։

Չաւուշօղլու ըսաւ, որ Եւրոպայի մէջ աւելի քան հինգ միլիոն թուրք կ՛ապրի, եւ այդ թուրքերուն գերակշիռ մասը գերմանաբնակ է, բայց՝ Գերմանիոյ հպատակութիւն չունի։ «Թէ՛ քաղաքացիութիւն չեն տար, եւ թէ չեն արտօներ, որ հանդիպում մը ունենանք մեր հայրենակիցներուն հետ։ Այսպիսի դիրքորոշում մը յարի՞ր է մարդասիրութեան, ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներուն եւ հաւաքուելու ազատութեան։ Կը խնդրենք, որ ասկէ ետք Գերմանիա երբե՛ք դաս չտայ մեզի մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան մասին», յայտարարեց ան՝ կոչ ուղղելով, որ Գերմանիոյ իշխանութիւնները չխառնուին Թուրքիոյ քարոզչական պայքարին։








All the contents on this site are copyrighted ©.