2017-03-08 08:37:00

Քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութեան առթիւ հրապարակային ունկնդրութիւնը չեղեալ է։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 8 Մարտ 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ու Հռոմէական Քուրիայի  քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութեան մասնակցութեան բերումով, 8 մարտի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային աւանդական ունկնդրութիւնը չեղեալ է։

Արդարեւ Նորին Սրբութիւնն ու անոր համագործակիցները անցեալ կիրակի 5 մարտէն ի վեր կը գտնուին Արիչչայի Աստուածային Վարդապետ` ամփոփումի ու խորհրդածութեան կեդրոնին մէջ մասնակցելու համար Քառասնորդացի Հոգեւոր Կրթութեան որ վերջ պիտի գտնէ յառաջիկայ, ուրբաթ` 10 Մարտին եւ որուն այս տարուայ քարոզիչն է Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան անդամ Հայր Ճուլիօ Միքելինի որ որպէս խորհրդածութիւններու ընդհանուր նիւթ ընտրած է  ''Յիսուսի չարչարանքը, մահն ու Յարութիւնը` ըստ Մատթէոս Աւետարանիչին''։

Խորհրդածութիւններու շարքը սկիզբ առաւ ինչպէս նշեցինք կիրակի` 5 Մարտի երեկոյեան  ''Պետրոսի խոստովանութեան ու Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքի (Մատթ. 16, 13-21) հատուածի մեկնաբանութեամբ իսկ այսօր` չորեքշաբթի 8 մարտի առաւօտեան նիստի խորհրդածութեան նիւթը կը հանդիսանայ  Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած Յուդայի մատնութիւնը ապա յետմիջօրէի խորհրդածութեան մէջ անդրադարձ կը կատարուի` Յիսուսի դատավարութեան, Պիղատոսի կնոջ ու Աստուծոյ երազները նիւթին մասին` քաղուած միշտ Մատթէոս աւետարանիչէն Գլ 27 (11-26 համարները։

Նշենք թէ հոգեւոր կրթութեան ամենօրեայ օրակարգը սկիզբ կ՛առնէ ամէն օր առաւօտեան ժամը 7,30-ին, Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ որուն կը յաջորդէ նախաճաշը հուսկ օրուան առաջին խորհրդածութեան նիստը` 9,30-ին, ապա ամփոփում ու ճաշ։ Հոգեւոր կրթութեան երկրորդ խորհրդածութեան  նիւթը տեղի կ՛ունենայ 16,30-ին որուն կը յաջորդէ ժամասացութեան արարողութիւնը ու Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան պաշտամունքը ապա ընթրիք ու հանգիստ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.