2017-03-08 10:28:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ Գաղտնիքը...


Մարդը  խորհրդաւոր էակ մըն է: Աշխարհի մեծագոյն հոգեբանները, հոգեբոյժներն ու խոստովանահայրերն անգամ չեն կրցած թափանցել մարդու հոգիին խորքը: Անոնց պրպտումները վստահաբար հոգիի թանձր պատերէ ներս թափանցած են, իջած են մարդու զգացումներուն խորերը, վերլուծումներ կատարած են անոնց մասին՝ հիմնուելով մարդուն տագնապներուն թէ ապրած ուրախութեան պահերուն վրայ: Սակայն կայ անթափանց վարագոյր մը, լաւ եւս՝ անխորտակելի դարպաս մը, որուն ետին կարելի չէ տեսնել, կամ՝ ուրկէ ներս մտնելը անհնարին է մարդ էակին համար, ինչ գիտութեան ալ հասած ըլլայ ան:

Ոմանք գաղտնիք պահելու դժուարութիւն ունին: Այդպիսի անձին համար ժողովրդային առածը կ’ըսէ. «բերնին մէջ սիսեռ չի՛ թրջիր»: Ուրիշներ իրենց ամէնէն կարեւոր գաղտնիքները կը վստահին ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն: Սակայն, գաղտնիք պահելու դժուարութիւնը կամ գաղտնապահ չըլլալու տկարութիւնը բնաւ չ’արգիլուիր նաեւ այս սեղմ շրջանակէն ներս: Ընտանիքէդ անձ մը, քեզի հարազատ, արենակից, կրնայ գաղտնապահ մնալու դժուարութիւն ունենալ:

Մանուկները անգիտակցաբար կը կիրարկեն այս: Անոնք ամենայն պարզութեամբ կը պատմեն տան մէջ տեղի ունեցող լաւ կամ վատ անցուդարձերը, բառացիօրէն կը վերարտադրեն հօր եւ մօր միջեւ տեղի ունեցած խօսակցութիւնները, երբեմն տգեղ խօսքերը՝ հայհոյութիւնները եւ մանաւանդ ուրիշներու ի հեճուկս եղած բամբասանքները: Սա մանկական տարիքի հանգրուաններէն մէկը կարելի է համարել, երբ մանուկը տակաւին ամբողջականօրէն մասնակից չըզգար ինքզինք իր ընտանիքին: Տուեալ ընտանիքին իր պատկանելիութիւնը մանուկին մտքին մէջ տակաւին շա՜տ ծանծաղ վիճակի մէջ կը գտնուի: Սակայն, չափահաս տարիքին միեւնոյն ձեւով վերաբերումը իր ընտանիքին կողմէ իրեն վստահուած գաղտնիքներուն մարդը կը դնեն անպատասխանատու դիրքի վրայ, անվստահելի ըլլալու հանգամանքով:

Ընտանեկան անմիջական շրջապատէն դուրս կու գայ բարեկամական շրջանակը, որ դարձեալ լպրծուն գետին է գաղտնիքներ վստահելու իմաստով: Իսկական բարեկամը իր ներկայութեամբ կը ջերմացնէ կեանքդ, իր գաղտնիքները կը վստահի քեզի եւ իր աղօթքներուն մէջ անպայման կը յիշէ քեզ: Գաղտնիքներու վստահումը փոխադարձ արարք մը կ’ենթադրէ ընդհանրապէս: Շատ քիչերն են, որ անկեղծօրէն պիտի պահեն գաղտնիքներդ: Գաղտնիք մը դրամէն աւելի շուտ եւ աւելի արագ շրջանառութեան մէջ կը մտնէ…:

Խիկար իմաստունի խրատներուն մէջ կը կարդանք. ՝՝ նոյնիսկ նուազագոյն գաղտնիքդ պէտք չէ՛ վստահիս բարեկամիդ, երբ զայն նախապէս փորձած չես՝՝: Գաղտնիքները ծանր պարտաւորութիւններ են մեր ուսերուն դրուած: Արգիլուա՛ծ է զանոնք ուրիշներու բաշխել, վստահիլ, վաճառել եւ կամ փոխ տալ…:

Վիշտերդ, նեղութիւններդ, ցաւերդ ու դժուարութիւններդ քեզի կը պատկանին. անոնք դատապարտուած պէտք է ըլլան գաղտնի մնալու: Մէկուն նիւթական դժուարութիւնը, միւսին՝ հոգեկան ցաւը, երրորդի մը՝ կեանքէն ստացած նեղութիւնները պէտք չէ՛ հրապարակուին նոյնինքն զայն զգացող անձին կողմէ: Ուրիշներ կրնան ենթադրութիւններ կատարել՝ դատելով մեր արտաքին երեւոյթէն: Սակայն այդ գաղտնիքները սահմանուած են գաղտնի մնալու: Վստահ եղիր, որ զանոնք հրապարակելով լացդ պիտի չդադրի: Ի միջի այլոց, ոմանք լալկան ծնած են եւ այդպէս ալ պիտի շարունակեն ապրիլ մինչեւ վախճանը իրենց կեանքին: Անոնք նոյնիսկ նիւթական լաւ պայմաններու ալ հասնին, կամ դարմանեն իրենց հոգեկան խռովքը եւ կամ հաւասարակշռելով իրենց փոխյարաբերական կեանքը՝ հասնին ցանկալի երջանկութեան, դարձեալ պիտի լան, վարժութեան վերածած ըլլալով անտեղի լացը: Կան  հարուստներ, որոնք համոզուած են, թէ՝ լալով ու մուրալով աւելի՛ կրնան հարստանալ: Սա ալ կեանքի տգէտ փիլիսոփայութիւն կարելի է կոչել:

Ծածուկ վիշտերդ պատմելով ուրիշին, քեզի այնպէս կը թուի, թէ կը թեթեւնան անոնք ուսերէդ: Սակայն շատ կարճ պահուան մը համար է այդ խաբկանքը: Դուն առանձինդ պիտի կրես զանոնք: Պէտք չէ՛ երբեք մտահան ընել իմաստունին խօսքը, որ կ’ըսէ. երբ կը խնդաս՝ ամբողջ աշխարհը քեզի հետ կ’ուրախանայ. բայց երբ կու լաս՝ քեզի հետ լացող չես գտներ:

Վիշտերդ, ցաւերդ, դժուարութիւններդ ու նեղութիւններդ վաճառքի մի՛ հաներ, այլ պահէ՛ զանոնք իբրեւ գաղտնի մնալու սահմանուած գաղտնիքներ եւ դուն շարունակէ ժպտալ կեանքին… յամառօրէն։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.