2017-03-08 08:10:00

Կիներու միջազգային օր. Ներկայացուեցաւ Վատիկանի ''Կիներու Խորհրդակցութիւն'' Մարմինը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կանանց միջազգային տօնին նախօրեակին` 7 Մարտի առաւօտեան, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի մէջ ներկայացումը կատարուեցաւ Մշակոյթի Քահանայապետական խորհուրդի ծիրէն ներս 2015-ի Յունիսին ստեղծուած ''Կիներու խորհրդակցութիւն'' մարմնին, որուն նպատակն է վերոնշեալ խորհուրդին մէջ աւելի ընդարձակ տեղ ու ձայն տալ իգական սեռին։  Սոյն մարմնին մաս կը կազմեն երեսունեօթը կիներ գլխաւորութեամբ Հռոմի Լումսա համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու ու հետազօտութեան պրո-ռեկտոր Տիկ Քոնսուելօ Քորրատիի։

Մարտ 8-ը աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու տօնացոյցի մէջ կը յիշատակուի իբրեւ Կանանց Միջազգային Տօն ։ 1908ին Նիւ Եորքի ''Գոթթոն'' կերպասի գործարաններու բանուորուհիները,  աշխատանքային անընդունելի պայմաններուն եւ ցած աշխատավարձքին ի տես բողոքի ցոյցեր կը կատարեն։

Բանուորուհիները ունէին երեք պահանջքներ ` աշխատանքային օրուան կրճատում, աշխատանքային պայմաններու բարելաւում եւ տղամարդոց հետ հաւասար աշխատավարձք: Տասնըվեց ժամ աշխատող կիները տղամարդոց համեմատ շատ ցած աշխատավարձք կը ստանային։ 

Այս ցոյցերը սակայն կ՝երկարաձգուէին, ուստի գործարանի սեփականատէրը կ՝որոշէ փակել գործատան դռները, որպէսզի բանուորուհիները դուրս չելլեն։ Բայց գործատան մէջ ծագած հրդեհը պատճառ կ՝ըլլայ 129 բանուորուհիներու մահուան։ 

1910 թուականին Քոփենհակընի մէջ  տեղի կ՛ունենայ Կին ընկերվարականներու միջազգային համաժողովը, որուն ընթացքին յեղափոխական Քլարա Ցեթքինը կ՛առաջարկէ   8 մարտը նշել իբրեւ աշխատաւոր կին    դասակարգի ծննդեան օր եւ անոնց համար սահմանել ամէնամեայ տօն մը (սակայն տօնին թուականը չի որոշուիր): Սկզբնական շրջանին Կիներու միջազգային օրը կը նշուէր 19 մարտին. առաջին անգամ անիկա նշուած է  1911 թուականին` չորս երկիրներու մէջ միաժամանակ (Աւստրիա, Գերմանիա, Դանիա, Զուիցերիա): 1912-ին օրը կը նշուի դարձեալ քիչ թիւով երկիրներու մէջ, այս անգամ` 12 մարտին: 1913-ին կիներու օրը Գերմանիոյ մէջ կը նշուի 12 մարտին, Աւստրիոյ, Չեխիոյ, Պելճիքայի, Հոլանտայի, Զուիցերիոյ մէջ` 9 մարտին, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ` 2 մարտին:  Եւ միայն 1914 թուականի 8 մարտին տօնը միաժամանակ նշուած է վեց երկիրներու մէջ` Աւստրիա, Դանիա, Գերմանիա, Հոլանտա, Ռուսիա եւ Զուիցերիա, քանի որ այդ օրը կիրակի էր եւ` ոչ աշխատանքային:

1975-ին ՄԱԿ-ը 1975 թուականը կը ճանչնայ  Կիներու միջազգային տարի, որմէ ետք  նոյն կառոյցը 1977 թուականին 8 մարտը կը հռչակէ Կիներու միջազգային տօն:








All the contents on this site are copyrighted ©.