2017-03-08 10:12:00

Եւրոխորհուրդը ահազանգ հնչեցուցած է Ատրպէյճանի մէջ Լափշինի դատավարութեան գծով


ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Եւրոխորհուրդի լրագրութեան եւ լրագրողներու ապահովութեան պաշտպանութեան խթանման մարմինը Մարտ 7ին յայտարարութիւն մը տարածած է՝ ահազանգ հնչեցնելով Ատրպէյճանի մէջ բանտարկուած ռուս-իսրայէլացի լրագրող Ալեքսանտր Լափշինի սպառնացող դատավարութեան առնչութեամբ:

Եւրոխորհուրդի կայքը կը յիշեցնէ, թէ Լափշին ձերբակալուած է Մինսկի մէջ, 2016ի Դեկտեմբեր 15ին, Ատրպէյճանի դիմումին համաձայն, իսկ Փետրուար 7ին արտայանձնուած է Պաքուի։

Լափշին կրնայ ութ տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ՝ 2011ի Ապրիլին, 2012ի Հոկտեմբերին եւ 2016ի Յունիսին Արցախ այցելելուն, «հակապետական կոչեր» հնչեցնելուն եւ Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը քննադատելուն համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.